Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ այս փուլին նկատելի է ծառայողական կարգ մը դաշտերու ցարդ յանպատրաստից պատկերը։
Հալէպի մէջ, յատկապէս, փողոցները լեցուած են կրպակներով, ամէն ոք ուզած ապրանքը ուզած տեղը կրնայ վաճառել, նոյնիսկ իր ինքնաշարժը, կամ փողոցի մայթերը որպէս կրպակ օգտագործելով։ Այս վիճակը ոչ միայն թափթփածութիւն եւ անկանոն վիճակ մը ստեղծած է նոյնիսկ ամէնէն մեծ ու գեղեցիկ հրապարակներուն վրայ, այլեւ խանութպանները անել կացութեան մատնած է, որովհետեւ որեւէ վաճառատան ապրանքը կարելի է գտնել գետինները, կրպակներու վրայ, ամէնուր, նոյնիսկ համեմատաբար խանութներու աւելի աժան գիներով։ Ինչ որ, անկախ քաղաքի պատկերի այլափոխման ու երթեւեկութեան խանգարման, անել կացութեան մատնած է վաճառատուները, եւ ժամանակ մը վերջ տնտեսական հարցի կրնայ վերածուիլ, եթէ շարունակուի նոյն թափով ու պատկերով։
Երեւոյթը չի սահմանափակուիր կրպակներով.  քաղաքի գլխաւոր հրապարակներու անկիւնները մայթերու վրայ կը վաճառուին վառելանիւթի տարբեր տեսակներ։ Ու թէեւ դրական երեւոյթ կարելի է համարել վառելանիւթի առատութիւնը քաղաքին մէջ, համեմատաբար նախորդ տագնապային տարիներուն, երբ ժողովուրդը կը տանջուէր եւ կրկնակի ու եռակի գումարներ կը վճառէր վառելանիւթ ապահովելու համար, երբեմն նոյնիսկ զրկուելով իր նուազագոյն կարիքէն իսկ, այդուամենայնիւ անկազմակերպ այս վիճակը քաղաքի ընդհանուր պատկերին եւ վառելանիւթի լցման կայաններուն վրայ բացասական անդրադարձ կ’ունենայ եթէ շարունակուի։
Քաղաքին մաքրութիւնն ու երթեւեկութեան կանոնաւորութիւնը եւս կարեւոր գործօններ են ծառայողական ընդհանուր ոլորտին մէջ։ Ոստիկաններու ներկայութիւնը բարեբախտաբար սկսաւ երեւելի դառնալ, սակայն շատ դանդաղ կշռոյթով, միւս կողմէ ինքնաշարժներու անկանոն երթեւեկութիւնը, նոյնիսկ թաղերու եւ հրապարակներու գլխաւոր մայթերը կառատուներու փոխարէն շահագործուիլը վարորդներու կողմէ տակնուվրայ ու աղմկալի վիճակ մը ստեղծած է քաղաքին մէջ։ Ազդալոյսերը տեղ-տեղ չեն բանիր, ինչ որ երթեւեկութիւնը անկազմակերպ ու տաղտկալի կը դարձնէ։
Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ քաղաքի մաքրութեան վիճակը։ Աղբակոյտերը երբեմն օրերով կը մնան կարգ մը պողոտաներու անկիւնը, գարշելի հոտ եւ վատ պատկեր ստեղծելով։
Բնականաբար, երկրի կառավարման համակարգի արմատական փոփոխութեան հետեւանքով, քաղաքի եւ երկրի ծառայողական գրասենեակները մէկ օրէն միւսը պիտի չկարգաւորուին, սակայն անհրաժեշտ է որ ներքին գործոց նախարարութեան գրասենեակները քաղաքներու ներքին ծառայողական ոլորտը բարելաւելու փութան, որպէսզի կարգ ու կանոն հաստատուի եւ անկազմակերպ վիճակը իր ազդեցութիւնը չունենայ քաղաքներու այլ ոլորտներուն վրայ, ինչպէս տնտեսութեան, առողջութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլն։
Կ’ակնկալենք, որ Հալէպի նահանգապետարանը առաջնային կարեւորութիւն տայ այս հարցերուն, ի հարկին գործակցելով նաեւ բարեսիրական կամ երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, մինչեւ որ ծառայողական ոլորտի համակարգը իր ամբողջական պատկերը ստանայ ու աշխատանքը իր կանոնաւոր հունին մէջ մտնէ։