Զգացումներու աշխարհին մէջ ունինք մոլորակ մը, որ գրաւած է այդ աշխարհի տարաբնոյթ զգացական ելեւէջները։ Այդ մոլորակը սիրտն է։ Մարդու մարմինին մէջ գտնուող այս օրկանը տէրն է բոլոր զգացումներուն եւ յաճախ կը յուշէ, թէ ինչքա՜ն խոր, իսկական ու անկրկնելի զգացում է յատկապէս սէրը։
Ոմանք կը կարծեն, թէ սիրուիլը ամէնէն դժուար բանն է։ Այո՛, անձի մը ուշադրութիւնը գրաւել, աշխատիլ ըլլալ անթերի, փորձել յարմարիլ անոր ու ամբողջացնել անոր էութիւնը։ Բաւական բարդ կը թուի այս բոլորը։
Բայց արդեօ՞ք սիրելը աւելի դժուար չէ։ Սրտէն բխող այս զգացումը ո՞վ կրնայ չեղարկել կամ ծնունդ տալ անոր։ Սիրելը նուիրուածութիւն է, հիւսուած յոյսերն ու երազանքներն են, ուժն է …եւ շատ ուրիշ արժէքներ են, որոնք սիրելով կ’արժեւորենք միայն։
Մարդիկ անդադար կը փնտռեն «կատարեալ սէր»-ը, մոռնալով, որ ատիկա կը վերագրուի միայն Աստուծոյ ու մօր։ Հաւանաբար «լաւագոյն սէր»-ը կը գտնենք գիրքերու վերջին էջերուն, ֆիլմերու ու սերիալներու մէջ ներկայացուած, բայց «մեծագոյն սէր»-ը անկախ իր հեռաւորութենէն՝ սպասումն է։
Այս պահուն, իմ սէրը ինձմէ 783 քմ. հեռաւորութեան վրայ կանգնած շքեղ ու վառվռուն երիտասարդն է, Երեւանը։ Չկարծէք, թէ տարածութիւնը կը տկարացնէ սէրս ու կը յուսահատեցնէ զիս։ Կը հաւատամ, որ օր մը, անպայման, պիտի միանամ սիրոյս, իրականացնեմ յոյսերս ու երազանքներս եւ ամբողջացնեմ կիսատ մնացած սիրոյ պատմութիւնս։ Երեւանը ՝ «ՍԵՐԵՒԱՆ»-է, սէր-եւ-ան է, մեծագոյն սէր է։
Աննա Պետրոսեան