Նայիրի Կարապետեան

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025 ի առաւօտեան յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ ի յիշատակ մեր նահատակներուն։

Արարողութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները ։
Ապա ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահ՝ ոգեկոչման հանդիսութիւնը ներկայ գտնուելու ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ , Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով , որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը անմահ նահատակներուն։

Հանդիսութեան բեմավար Ալին Գաբրիէլեան բացման խօսքով ըսաւ. «Եղեռական այդ թուականէն մինչեւ այսօր, ամէն տարի Հայկական սփիւռքի տարածքին կը կազմակերպուին սգատօներ եւ կ՛ոգեոչուի մեր նահատակներու յիշատակը խոր յուզումով եւ յարգանքի սրտաբուխ արտայայտութիւններով։
Այսօր, 110 տարի ետք, կուգանք անգամ մը եւս հաստատելու, թէ չէ սպիացած մեր վէրքը ու արդարութեան արեւը պիտի ծագի անպայման»։
Օրուան բանախօս Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական Մարմինի ատենապետ՝ Ծերուն Գահուէճեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան համաշխարհային անդրադարձին, ապա աւելցուց. «Յիշողութիւնը մեր զէնքն է։ Երբ կը յիշենք, մենք կը մերժենք ժխտումը։ Երբ կը խօսինք ճշմարտութեան մասին, մենք կը պահենք լոյսը վառ։ Ճշմարտութիւնը սուրբ է եւ կ՚ապրի միայն եթէ իւրաքանչիւրս վերցնենք մեր բաժինը՝ զայն պաշտպանելու։
Մենք կը պահանջենք ճանաչում ոչ թէ վրէժի, այլ խաղաղութեան համար։
Սակայն խաղաղութիւն՝ առանց զիջումներ կատարելու, առանց հող կամ միջանցքներ յանձնելու թշնամիին։
Հարիւրտասը տարի առաջ, հայ ժողովուրդը դարձաւ մարդկութեան դէմ գործուած աննկարագրելի ոճիրի զոհ։ Օսմանեան կայսրութեան ծրագրուած ոչնչացման քաղաքականութիւնը խլեց մէկուկէս միլիոն հայու կեանք՝ կիներ, երեխաներ, ծերեր ու երիտասարդներ։ Հայրենի հողը, ուր դարեր շարունակ ծաղկած էր հայ մշակոյթը, դարձաւ արեան ու տառապանքի վկայ։ Բռնի տեղահանութիւններ, մահուան ճամբաներ եւ կոտորածներ փորձեցին ջնջել մեր գոյութիւնը։

Բայց հայը չյանձնուեցաւ։ Ինչպէս քարայրի մէջ պահուած կրակը, որ կը շարունակէ վառիլ, հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ՝ ցրուած աշխարհով մէկ։ Իւրաքանչիւր հայ, որ գոյատեւեց, դարձաւ կենդանի վկայութիւն, ճշմարտութեան ջահակիր։ Մեր եկեղեցիները, մեր գիրքերը, մեր երգերը եւ մեր լեզուն դարձան այն սիրտը, որ կը բաբախէ յաւերժ։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ազգի մը դէմ յանցագործութիւն էր, բայց նաեւ՝ մարդկութեան վէրքը։ Ան կը յիշեցնէ մեզ, թէ ատելութիւնը եւ անտարբերութիւնը կրնան ծնիլ ողբերգութիւններ, եթէ մենք լուռ մնանք։ Այդ պատճառով այսօր կը խօսինք։ Կը խօսինք ճշմարտութեան համար։ Կը խօսինք, որպէսզի ժխտումը չդառնայ երկրորդ դանակ։
Մեր պայքարը, սիրելի՛ ներկաներ, անցեալին միտուած չէ միայն։ Ան արդի է, յստակ է, շարունակական է։ Ցեղասպանութիւնը, երբ չի ճանչցուիր, կը շարունակուի այլ ձեւերով՝ ժխտում, լռութիւն, քարոզչութիւն։ Ու երբ կ՚ըլլայ ժխտում, անիկա նոր վտանգներ կը ստեղծէ նոր ժողովուրդներու համար։

Անհրաժեշտ է, որ աշխարհը ոչ միայն լսէ մեզ, այլ նաեւ հասկնայ։ Ճանաչումը քաղաքական կամք չէ միայն. ան բարոյական պարտաւորութիւն մըն է։ Ան պահանջ է մարդկութեան համընդհանուր արժէքներու պահպանման։ Ուստի մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը — դպրոցներէն մինչեւ դիւանագիտութիւն, հրապարակներէն մինչեւ միջազգային ատեաններ։
Այսօր Արցախի ժողովուրդի՝ հայրենիք վերադարձի իրաւունքն ու Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ ռազմագերիներու հարցը մեր բոլորին համար հրամայական է եւ առաջնահերթութիւն, լրջութեամբ մօտենանք հարցին, որովհետեւ թշնամին իր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ պարտութեան մատնելու մեր պատմական արդար իրաւունքները, կը փորձէ խեղաթիւրել մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը։
Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական բոլոր խնդիրները եւ դառնանք միակամ՝ մէկ բռունցք՝ նուիրուելու ու խթանելու նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին:
Թող մեր յիշողութիւնը չմնայ լոկ արարողակարգ։ Թող ան դառնայ գիտակցութիւն։ Թող դառնայ գործողութիւն։ Թող ամէն հայ, ուր որ ալ ապրի, շարունակէ ըլլալ այն կենդանի վկայութիւնը, որ ժողովուրդ մը չի կրնար ոչնչանալ, երբ ան կը յիշէ, կը գոյատեւէ, կը պայքարի»։
Գեղարուեստական յայտագիրով ՍՕ Խաչի «Շուշի» մասնաճիւղը ներկայացուց Սօսէ Մայրիկի եւ Քարէն Եփփէի կենսագրականները։
ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղը՝ մեներգ «Ապրելու Ապրիլ»։
Համազգայինի «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբի պարմանուհիները պար մը,
ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղը եւ Պատանեկան Միութեան «Արցախ» մասնաճիւղը՝ Ժագ Յակոբեանի «Ապրիլավէպ» խմբային ասմունքը եւ կենդանի պատկեր մը «Ջարդը» խորագրով։
Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Գարուն» պարախումբի պարմանուհիները, ապա երգբախումբը երգեց եւ «Կիլիկիա», «Ատանայի Ողբը» եւ «Հիմի Էլ Լռենք Եղբայրք» երգերը։
Ճորճ Մէտէնի եւ Սարին Գարակէօզեան ասմունքեցին «Ես մէկն եմ միլիոն ու կէսից» քերթուածը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տէր Վազգէն Աւագ քահանայի «Պահպանիչ» աղօթքով։