Հայոց Ցեղապանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով արծարծուած նիւթերուն, զրոյցներուն եւ քննարկումներուն հիմքը կազմեցին այս առումով տարուած գիտական աշխատանքները, վաւերագրական փաստաթուղթերն ու Հայաստանի Ազգ. գրադարանի թէ Հայկական Սփիւռքի արխիւները, նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան արխիւներէն պատառիկներ (վտարանդի Թանէր Աքչամի աշխատանքով առաւելաբար)։
Բնականաբար արխիւները ոչ միայն կը պատմեն ճշմարտութիւնը, կը ներկայացնեն առարկայական տուեալներ, մարդահամարներ, նամակներ, հեռագրեր, որոշումներ եւ այլն, այլեւ կը հերքեն ուրացման փորձերն ու ապատեղեկատուական քարոզարշաւները։ Թրքական հրապարակագիրներ ու քաղաքական գործիչներ անգամ փաստաթուղթերու, արխիւներու վրայ հիմնուելով իրականութիւններ երեւան կը հանեն։
Այս բոլորը կու գան անգամ մը եւս յուշելու արխիւային եւ վաւերագրական մասնագիտական աշխատանքի կարեւորութիւնը հայկական կեանքէն ներս, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք կազմուած սփիւռքահայ գաղութներու պարագային։ Եթէ մանաւանդ նկատի ունենանք ներկայ ժամանակներուն այս գաղութներուն նօսրացումը, այս պարագային նման արխիւներու պահպանումը, պատմութեան եւ յատկապէս սփիւռքահայ պատմութեան եւ ակադեմականներու աշխատանքին համար կարեւոր ենթահող կը դառնայ, որովհետեւ պատմութիւնը պահելու կողքին, կը փրկէ զայն աղաւաղման ոեւէ փորձէ, ինչպէս նաեւ վերապրած ազգի մը գոյերթի կարեւորագոյն գործօնները կը պարզէ։
Դժբախտաբար Սփիւռքի կարգ մը համայնքներ նման աշխատանքներու լայն կարելիութիւններ չեն ունեցած, որուն հետեւանքով ալ օրերու թաւալումին հետ համապատասխան աշխատանք չէ տարուած գաղութներու համապարփակ պատմութեան պահպանումը երաշխաւորող արխիւային ամբողջական ծրագիրի մը իրագործման համար, հակառակ անոր որ կարգ մը համայնքներու մէջ մասնակի աշխատանք տարուած է ու կը տարուի տակաւին գիտական բարձր մակարդակով։
Վարձքը կատա՛ր այն մասնագէտներուն եւ պատմաբաններուն, որոնք իրենց ներդրումը բերած են այս մարզին՝ հրապարակելով հատորներ նուիրուած՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու, միութիւններու գործունէութեան եւ այլն։ Այդուհանդերձ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր ազգի վերապրումի ճամբան պատմութեան ապահով դարաններուն մէջ պահելու ու կորուստէ փրկելու համար, մեր շօշափելի եւ անշօշափելի մշակութային ժառանգութիւնը հաւաքագրելու եւ փաստագրելու համար անհրաժեշտ է աւելի աջալրջութեամբ հետապնդել արխիւային, վաւերագրական արժէք ունեցող թղթաբանութեան ժամանակակից միջոցներով պահպանումը, որովհետեւ անոնք իրենց կարեւոր ներդրումը պիտի ունենան ոչ թէ միայն պատմութեան էջերուն վրայ անմահանալով, այլեւ մեր արմատներուն կառչելու, ինքնութեան պահպանման, ազգային կեանքի թէ այլ երկիրներու մէջ համարկման ողջ փորձառութիւնը նոր ժամանակներու մէջ եւս հիմք ծառայեցնելով։
Սուրիահայ համայնքի պարագային եւս արխիւային աշխատանքի եւ անոր թուայնացման հրամայականը աջալուրջ գործի պէտք է մղէ համայնքային եւ միութենական մարմինները, որպէսզի ըստ կարելւոյն մասնագէտներու, պատմաբաններու, հրապարակագիրներու հետ գործակցաբար լծուին նման ծրագրուած, երկարաժամկէտ աշխատանքի։