Սրբադասեալ Նահատակներուն անմար յիշատակը վերստին կենդանացաւ Ճեզիրէի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ՝ շնորհիւ աղօթքով, խոկումով եւ հպարտութեամբ լեցուն հանդիսութեան մը։
24 Ապրիլ 2025-ին, Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 11։30-ին, առաջնորդական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ, Ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ փողերախմբին մասնակցութեամբ հանդիսաւոր երթ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Սուրբ Յովսէփ առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Հոն պատշաճ յարգանքով դիմաւորուեցաւ Գերապայծառ Տ. Անդրանիկ Սրբազան Եպիսկոպոս Այվազեանը։
Արարողութեան ամենախորհրդաւոր պահերէն եղաւ Սրբոց Նահատակաց նուիրուած վերանորոգեալ յուշարձանի օծումն ու պաշտօնական բացումը։ Յուշարձանը, որ տեղադրուած է Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, նախ լուացուեցաւ ջուրով եւ գինիով՝ ի նշան սրբագործման, ապա օծուեցաւ սրբալոյս միւռոնով։ Այսպիսով, ան վերածուեցաւ սրբավայրի։
Այնուհետեւ, հանդիսաւոր կերպով, սրբադասեալ նահատակներու մասունքները, զետեղուած զմռսեալ արկղի մէջ, իջեցուեցան յուշարձանի գուբի մէջ՝ իբրեւ անմահ վկաներ մեր հաւատքին, պատմական ճշմարտութեան եւ արդար պահանջատիրութեան։
Այս խորհրդաշատ արարողութիւնը վերանորոգութիւն մըն էր ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ ազգային յիշողութեան։ Ան համայնքի զաւակներուն յիշեցուց, թէ իւրաքանչիւր սուրբ զոհաբերութիւն սերմ մըն է մեր գոյութեան, եւ իւրաքանչիւր յուշարձան՝ ուխտի եւ յանձնառութեան նոր կանչ։
Յակոբ Պարսումեան