ԱՒԿԱՏԱՆՁ (ԱՒՈՔԱՏՈ)՝ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ՊՏՈՒՂ ՄԸ

Աւկատանձը ամէնէն օգտակար պտուղներէն մէկն է, անոր ծառը մշտադալար պտղատու բոյսի տեսակ մըն է: Ան հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքային նիւթերով:
Աւկատանձենին արագ աճող ծառ մըն է, բարձրութիւնը կը հասնի 18 մեթրի: Ամբողջ տարին  կը մնայ մշտադալար, ծաղիկները փոքր են, իսկ պտուղը տանձի նման է:
Իւղոտ է եւ շատ օգտակար ճարպ կը պարունակէ:
Պտուղին կեդրոնը կը գտնուի մեծ կորիզը կամ սերմը:
Պտուղը կ’անուանեն նաեւ անտառային իւղ:
1576-ին Պերնարտինո տէ Սահակուն Bernardino De Sahagun իր «Նոր Սպանիոյ Գործերու Ընդհանուր Պատմութիւն» գործին մէջ յայտնած է աւոքատոյի բուժիչ յատկութիւնները:
Մէկ ծառէն կը հաւաքեն մօտաւորապէս 150-200 քկ.  բերք:
Գոյութիւն ունին աւոքատոյի 400 տեսակներ:
Եւրոպայի մէջ աւոքատոն կրնան ապահովել ողջ տարուան ընթացքին:
Աւկատանձը իր ջերմուժին պարունակութեամբ կը գերազանցէ հաւկիթն ու միսը:
Ան կը բարձրացնէ մարդուն տրամադրութիւնը, կ’օգնէ վերականգնելու կենսական ուժերը: Պտուղը կը պարունակէ՝ k կենսանիւթ, կալիում, ֆոլաթթուային աղեր, B6 կենսանիւթ, պղինձ, մանրաթելեր: Կը պարունակէ աւելի քան քսան տեսակի հանքանիւթեր ու կենսանիւթեր:
Աւկատանձին Բուժիչ Յատկութիւնները
-Օգտակար է երակային համակարգին: Ան կը կանխէ երակային հիւանդութիւններու զարգացումը:
-Կը պաշտպանէ տեսողութիւնը յատկապէս՝ տարիքի առնչուող աչքի հիւանդութիւններէն:
-Կ’արագցնէ վէրքերու սպիացումը:
-Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ պնդութիւնը:
-Կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը: Շաքարի մակարդակը բնական կը պահէ, նաեւ իր նուազագոյնին կը հասցնէ:
-Կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
-Կը պաշտպանէ յառաջագեղձի (prostate) քաղցկեղէ:
-Ամենակարեւորը՝ աւկատանձը կ’ուշացնէ մորթին ծերացումը՝ պահելով զայն թարմ եւ առողջ:
-Աւկատանձի միջուկը կը գործածուի ջղային համակարգի բուժման համար:
-Աւկատանձի տերեւները կ’օգտագործեն տարբեր հիւանդութիւններու բուժման համար: Անոր տերեւները կը ծամեն լինտերու հիւանդութեան պարագային, իսկ շոգիով եռացած տերեւները կ’օգտագործեն վէրքերու բուժման, իսկ տաք տերեւները երբ կը տեղադրեն ճակտին, գլխու ցաւը կը վերացնէ:
-Աւկատանձի ֆոլաթթուն կը նուազեցնէ մաղձաճարպը (cholesterol), աւելցնելով լաւ մաղձաճարպին մակարդակը արեան մէջ:
– E կենսանիւթը կը հարստացնէ պտուղը թթուածինով ՝ պաշտպանելով մաշկին բջիջները, F -ն՝ կ’ապահովէ մազերու եւ մաշկի առողջ վիճակը: Չոր եւ յոգնած մազերը կը թարմացնէ, անոնց առողջ փայլք եւ գեղեցիկ տեսք կու տայ:
Իսկ Պղինձը կը կանխէ սակաւարիւնութիւնը, որովհետեւ երկաթը արիւն ստեղծող նիւթ է:
B2 կենսանիւթը կը նպաստէ արեան կարմիր գնդիկներու յառաջացման: Նաեւ որպէս կրածինի (calcium) աղբիւր՝ կը կարգաւորէ արեան ճնշումը: Պանանէն աւելի շատ կրածին կը պարունակէ:
-Աւկատանձը կ’օգնէ քաղցկեղի դէմ պայքար մղողներուն: Կրնայ կասեցնել շաքանակագեղձի քաղցկեղային բջիջներու աճը:
-Եթէ աւկատանձը օրինաւոր ձեւով օգտագործենք, կ’ունենանք աւելի ամուր ոսկորներ:
-Աւկատանձի պարունակած  «օլէիք» թթուն ուղեղը առողջ կը պահէ:
Աւկատանձով, նարինջով եւ չիայի սերմով կրնանք շատ օգտակար եւ համեղ աղցան մը պատրաստել: