ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած «Ապագայ Սուրիա» անունը կրող մրցաշարքի աւարտական մրցումին, Հոմսի Քարամէն 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հալէպի Ահլին տիրացաւ ախոեանութեան բաժակին: Հանդիպումի գլխաւոր ժամանակը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ եւ խումբերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածի:
-Սուրիոյ պասքեթի կանանց  հաւաքականը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ  Արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքին: Հաւաքականը կատարեց  երկու մրցում  եւ կրեց զոյգ պարտութիւն, առաջինը՝ Պարսկաստանէն 65 – 55 արդիւնքով , երկրորդը՝ Յորդանանէն 86 – 75 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԻԱՆԱ ԳԻՒՐՋԵԱՆ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
87 քկ.ծանրամարտի մէջ Լիանա Գիւրջեան Եւրոպայի առաջնութեան մրցումներուն նուաճեց արծաթէ մետալ։ Ան Եւրոպայի փոխախոյեան հռչակուեցաւ երկամարտի 246 քկ. արդիւնքով: 22-ամեայ Գիւրջեան պոկումի վարժութեան յաջողութեամբ կատարեց երեք մօտեցումները եւ 106 քկ. արդիւնքով զբաղեցուց 4-րդ դիրքը։ Հրումի վարժութեան դարձեալ 3 յաջող մօտեցումով գլխավեր պահեց  140 քկ. կշռող ծանրաձողը եւ նուաճեց  արծաթէ մետալ:  Այս ծանրութեան կարգին Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ, Եւրոպայի փոխախոյեան, աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան պրոնզէ մետալակիր Տաթեւ Յակոբեան պոկումի վարժութեան նուաճեց արծաթէ մետալ ։ Ան յաջողութեամբ կատարեց մօտեցումները՝ բարձրացնելով  նախ 102, ապա 106 եւ 110 քկ.  կշռող ծանրաձողերը։
ԳԱՐԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՒ  ՍԻՄՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ՄԵՏԱԼՆԵՐ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ
Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ծանրամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն պոկումի վարժութեան 109 քկ.  ծանրութեան, Գարիկ Կարապետեան նուաճեց ոսկի, իսկ Սիմոն Մարտիրոսեան՝ արծաթէ մետալ։
Աւելի վաղ, տղոց մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  102 քկ. ծանրութեան կարգի մարզիկները։ Հայաստանը ունեցաւ 2 ներկայացուցիչ՝ Արա Աղանեան ու Պետրոս  Պետրոսեան։ Աղանեան երկամարտի 380 քկ.ծանրութեան արդիւնքով գրաւեց  4-րդ դիրքը։ Պոկումի վարժութեան ընթացքին ան  գլխավերեւ պահեց  170 քկ. եւ 175 քկ, իսկ հրումի ժամանակ միայն՝ 205 քկ.: Պետրոս Պետրոսեան երկամարտի 370 քկ. Ծանրութեան արդիւնքով գրաւեց  5-րդ դիրքը։ Ան պոկումի վարժութեան բարձրացուց 165 քկ. եւ հրումին 205 քկ. կշռող ծանրաձողեր:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան