Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնս (A.B.B.A.) խոր կսկիծով իմացաւ, որ Հինգշաբթի, 1 Մայիս 2025-ին, Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ A.B.B.A.-ի հիմնադիրներէն, ազգային բարձր գիտակցութեան տէր, չինական քոնկ-ֆու մարտարուեստն ու փիլիսոփայութիւնը իւրացուցած, միաժամանակ սերունդներու մարզական մշակ՝ վարպետ, ընկ. Վարդգէս (Վագո) Խտըրլարեանը:

Մենք զինք ճանչցած ենք, որպէս ընկ. Վագո՝ պարկեշտ, համեստ, նուիրեալ, հաւատաւոր, մարտարուեստի մեր վարպետը:

«Առողջ մարմին», «արթուն միտք» եւ «ազնիւ ոգի», այս սկզբունքներով է, որ ընկ. Վագո, մեծ վարպետ Մասթըր Կարոյի եւ հիմնադիր այլ ընկերներու հետ միասին հիմը կը դնէին ԱՊՊԱ-ի, անոնք հաւատալով վերոյիշեալ սկզբունքներուն, հիմը դրին չինական մարտարուեստին` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուխտելով պատրաստել մարտունակ եւ տիպար նկարագիրով սերունդներ: Անոնք երազեցին, հաւատացին եւ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին այս պատուաւոր մարզաձեւին զարգացումը Լիբանանի մէջ, որ իր կարգին չինական մարտարուեստի զարգացման ծննդավայրը եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ:

Հանգուցեալ ընկ. Վագոն բոլոր ճանչցողները բարձր կը գնահատեն անոր ազգանուէր, մարզական, գաղափարական եւ միութենական ոլորտներուն մէջ թողած մեծ աւանդն ու գործունէութիւնը:

Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը, երախտագիտութեան մեծ պարտք ունի հանգուցեալ մասթըր Վագոյին:

Այս տխուր առիթով՝ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը, Հիմնադիր կազմը՝ մասթըր Ճորճ Տուռնայեանը, Աւօ Գաթրճեանը, Յարութ Իշխանեանը եւ Սեպուհ Տէրեանը, Վարչութիւնը, Տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն, ինչպէս նաեւ իրենց սգակիր բոլոր պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ համայն A.B.B.A.-ականներուն:

Սուրիոյ A.B.B.A., Հալէպ, 1 Մայիս 2025

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: