Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիո Կիւտերէշին:
Հաւատարմագրերու յանձնումի պաշտօնական արարողութեան յաջորդած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի հետ ունեցած առանձնազրոյցի ընթացքին, կարեւոր համարելով ՄԱԿ-ի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական ընդլայնումը, դեսպան Յովհաննիսեան ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին միութեան կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP-17) 2026-ին Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու ՀՀ կառավարութեան կողմէն ձեռնարկուող քայլերը։

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու։ Պարոյր Յովհաննիսեան ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին ներկայացուցած է տարածաշրջանի մէջ տեւական կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումի միտուած Հայաստանի կողմէն գործադրուող հետեւողական ջանքերը՝ առանձնանշելով «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատումին մասին համաձայնագիրի» արդէն իսկ համաձայնեցուած բնաբանը առանց յապաղումի ստորագրելու կարևորութիւնը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի փոխկապակցուածութեան եւ ենթակառուցուածքային ողջ ներուժի բացայայտումին համար ՀՀ կառավարութեան կողմէն մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացման նշանակութիւնը։