Երկուշաբթի, 6 Մայիսի երեկոյեան պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ սուրիական վերանորոգուած «Ալ-Ախպարիէ» լրատուական արբանեակային կայանին։

Բացման արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ տեղեկատուութեան ներկայ նախարար Դոկտոր Համզա Մուստաֆան եւ տեղեկատուութեան նախկին նախարար Մուհամմետ ալ-Օմարը:

Նախարար Մուստաֆա թուիթրեան իր միքրոպլոքին վրայ գրեց, որ մայրաքաղաք Դամասկոսէն նոր տեսլականով ալիքի մը գործարկումը ուրախութեան պահ է, որովհետեւ աշխատակազմը ամիսներ շարունակ ջանք թափեց՝ յաղթահարելու տարբեր մարտահրաւէրներ և դժուարութիւններ՝ յոյս յայտնելով, որ ան կը դառնայ ազգային լրատուամիջոցները առողջ և մրցակցային հիմքերու վրայ վերականգնելու առաջին քայլը: Կայանի պաշտօնական մեկնարկէն ետք սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը անցումային փուլին եւ քաղաքական ներկայ գործընթացին մէջ բաց պիտի ըլլայ բոլորին համար, պիտի ընդլայնէ լրատուադաշտի ազատութեան սահմանները եւ Դամասկոսը դարձնէ տեղեկատուական մայրաքաղաք ու տարբեր լրատուամիջոցներու կեդրոնակայան, ինչպէս նաև տարածք պիտի տրամադրէ մասնաւոր լրատուամիջոցներուն եւ հաւատարմագրման դաշտը պիտի բանայ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու դիմաց: Այս բոլորը պիտի իրականացնէ տարբեր փուլերէ բաղկացած այնպիսի ծրագիրով եւ տեսլականով, որոնք կը ծառայեն նոր Սուրիոյ տեղեկատուական դաշտի ընդհ. ռազմավարութեան։