Թիւով 20 երիտասարդ ուսանողներ աշխարհի զանազան կողմերէն հաւաքուած են եւ եռօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն պիտի ծանօթանան իրարու, պիտի լսեն հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունենան աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր։ Հաւաքին ներկայ է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Մայիս 2025-ին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւն տուաւ եռօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին։ Ապա Հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու (ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ) Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տուաւ մասնակիցներուն։

Խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի զանազան ծրագիրները՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։

Նոյն օրը Շաղիկ Շատոյեան ներկայացուց Վիեննայի հայկական գաղութի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մասնակիցները այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին բակին մէջ զետեղուած հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։

Մելանի Գլընճեան հեռակապով միացաւ եւ խօսեցաւ «փօտքասթ»-ի ծրագիրին պատրաստութեան մասին, որմէ ետք 4 խումբերու բաժնուած մասնակիցները սկսան զանազան նիւթերու մասին «փօտքասթ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն։

Թէնի Մաթեան պարի աշխատանոցի ընթացքին բացատրեց հայկական պարի իւրայատկութիւններու, տեսակներու, զանազան շարժումներու եւ տարազներու մասին։ Ապա միասնաբար քանի մը պար սորվեցան ու պարեցին։

ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հիւրասիրութեամբ ճաշը տեղի ունեցաւ ակումբէն ներս։
Երեկոյեան խումբը այցելեց «Time travel Vienna» եւ ծանօթացաւ Վիեննայի պատմութեան։

Երեկոյեան ընթրիքով փակուեցաւ առաջին օրուան յայտագիրը։