Այսօր՝ Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան), մասնակցելու համար քրիստոնեայ-իսլամ երկօրեայ միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը պիտի ուղղէ համագումարի բացման նիստին, որուն պիտի մասնակցին քրիստոնեայ ու իսլամ բարձրաստիճան կրօնականներ ու մասնագէտներ։
Նորին սրբութիւնը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Ուրբաթ առաւօտ։