Սուրիոյ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը 2001 թուականի 6853/443 թուակիր նախարարական որոշումին 10-րդ յօդուածը բարեփոխեց եւ նոր որոշումով մը հաստատեց, որ չեղեալ կը համարուի այլ երկիրներէ միջնակարգի վկայական ստացած եւ Սուրիոյ մէջ ուսումը շարունակել փափաքող աշակերտներու որակաւորման քննութիւն յանձնելու պայմանը։

Այսուհետեւ այլ երկիրներէ Սուրիա վերադարձած կամ ժամանած եւ Սուրիոյ մէջ իրենց ուսումը շարունակել փափաքող աշակերտներ կրնան ներկայանալ երկրորդականի պետական քննութիւններուն, որպէս ազատ դիմողներ, առանց նախապէս որակաւորման քննութիւն յանձնած ըլլալու։