Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Նախագահութիւնը յայտնեց, որ նախագահ Շարաա Չորեքշաբթի, 7 Մայիսին դէպի Եւրոպա պաշտօնական իր առաջին այցելութեամբ հասաւ Ֆրանսա, ուր դիմաւորուեցաւ Փարիզի Շառլ Տը Կոլի անուան օդակայանէն ներս։ Նախագահին կ՛ընկերակցէր արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի։
Նշենք, որ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի պաշտօնական հրաւէրին լոյսին տակ։