«Ես իմ մօր ձայնն եմ եւ սա նրա պատմութիւնն է»։
Հովանաւորութեամբ Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Կազմակերպութեամբ` Ս.Օ.Խաչի Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 3 Մայիս 2025֊ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00_ին, Մայրերու օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ «Մօր Ձայնը» խորագիրը կրող անդամական ճաշկերոյթը։
Օրուան հանդիսավար Նարինէ Փանոսեան Ս.Օ.Խաչի քայլերգի վերջին քառեակը արտասանելէ ետք , բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն եւ շնորհաւորեց մայրերը և քոյրերը այս գեղեցիկ ու բարի տօնին առիթով ու ըսաւ. «Մայրը ունի յատուկ և մեծ դեր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ։ Ան է, որ կ’ապահովէ ազգերու յարատեւումը, այլ խօսքով՝ մայրը մարդկային շղթային յաւերժականութեան ոսկի և ստեղծագործ օղակը նկատուած է։ Ան շարունակելով ըսաւ. «Եթէ կ’ուզենք չկորսուիլ ու տոկալ , կառչինք հայ մայրերուն։ Պատմութեան մէջ հայ մայրը կ՚երեւայ առաջին դիրքերու վրայ իր տուած զոհերով, յանուն իտէալի մը, յանուն անիրաուած դատի և յանուն քաղաքակրթութեան։ Հայ մայրը կենդանի մատեանն է հայոց պատմութեան»։
Ապա ան հրաւիրեց ատենապետուհի Սիլվա Լնդեանը վարչութեան խօսքը ուղղելու։ Ան պարզեց մօր դերը իր ընտանիքին եւ միութեան մէջ եւ ըսաւ. «Կը խոնարհինք Մեսրոպեան ոսկեայ չորս տառերով կազմուած այս պարզ եւ դիւրահնչիւն բառին` մեծ խորհրդաւոր իմաստին առջեւ։ Հայու կեանքին մէջ մայրութեան սրբութիւնը , մեծութիւնը, զոհողութիւնը, գուրգուրանքը եւ բոլոր այն գեղեցիկ յատկանիշները որոնք գոյութիւն ունին մարդկային մայրական կեանքին մէջ, սկիզբ կ’առնեն Աստուածամօր օրինակէն»։ Ապա իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Աջալուրջ ու բծախնդիր հայ մայրերը ջահակիրն են հայախօս ու պայքարող սերունդին։ Մենք կը խոնարհինք այն մայրերուն առջեւ, որոնք կրցած են պահպանել իրենց ընտանիքի հայեցի դիմագիծը, մայրենի քաղցրահունչ լեզուն, իւրայատուկ մշակոյթը ու աւանդութիւնները»։
Ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Ով հայ մայրեր, եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ուխտը աւելի եւ աւելի նուիրուելու մեր ընտանիքին, ազգին և հայրենիքին»։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սոնիա Քերթմոսեան եւ Ալիս Թրթռեան մեներգով, իսկ Սարին Հանէշեան ասմունքով։
Նկատի ունենալով որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», դաստիարակչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ կատարեցին «Աւանդապաշտ Մայրը» խորագրով ներկայացումը:
Անի Աշըգեան հրաւիրեց միութեան երէց եւ նորագիր ընկերուհիները, որպէսզի միասնաբար կատարեն ձթենիի ծառատնկում, որպէս խորհրդանիշ միութեան գոյատեւման։ Նշեալ ձիթենին պիտի աճի Շահպազեան տան հողամասին վրայ , այդ խորհուրդով եւ յոյսով, որ ինչ ալ պատահի, կանգուն պիտի մնայ ան՝ հայկական ծիրանիներուն նման։
Այնուհետեւ քաջալերանքի ու շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանուեցան միութեան անդամուհիներու կողմէ։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Ադիկեան խօսք առնելով ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք յարգելու, շնորհաւորելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու այն սուրբ էակներուն, որոնք մեզի կեանք պարգեւեցին՝ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ: Մայրը մեր առաջին սէրն է, մեր առաջին ուսուցիչը, եւ մեր առաջին ապաւէնը։ Անցնող ժամանակներուն մէջ, մայրերը եղած են մեր ժողովուրդի ողնաշարը՝ իրենց ջերմութեամբ, զոհողութեամբ եւ անսպառ նուիրումով։ Հ.Օ.Մ-ի 115-ամեակին առիթով կը գնահատենք կտակը մեր հիմնադիր սերունդին, որուն արիութիւնն ու տեսիլքը ընթացք տուին հարիւր տարի առաջ մեկնարկած մեր երթին: Խորապէս կը հաւատանք, որ ապագային իրարայաջորդ սերունդներ մեր գործը պիտի շարունակեն` յառաջ տանելով միասնականութեան արժէքները, կարեկցութիւնն ու կամաւոր աշխատանքը, որ մեր առաքելութեան հիմքն է:
Մեր կազմակերպութիւնը, որ արմատացած է հայ կնոջ սուրբ առաքելութեան մէջ, խորապէս կը գնահատէ մայրերուն դերը` ոչ միայն ընտանիքին մէջ, այլեւ համայնքի, եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին մէջ։ Մայրը կեանքի շունչն է, հոգիի լոյսն է եւ սիրոյ անմար ճրագը։
Այսօրուան առիթով, ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ մայր, մեծմայր, ապագայ մայր, արժանի է ամէնէն ջերմ շնորհաւորանքին եւ անսահման գնահատանքին։ Թող Աստուած պահէ ու օրհնէ ձեզ՝ առողջութեամբ, խաղաղութեամբ եւ ձեր զաւակներու արդիւնաւորութեամբ»։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ հանդիսավարին մայրերու վերաբերող խորիմաստ խօսքերով, վկայութիւններով և հաճելի պատմութիւններով։
Խաչուհիներ այնուհետեւ «Պտուղ» խորագիրով երկխօսութիւն մը կատարեցին։
Ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ հաճելի մթնոլորտով վայելեցին «Մօր Ձայնը» ծրագիրը, որմէ ետք որոշուեցան չորս բախտաւոր մայրերը։
Հանդիսավարը եզրափակելով ըսաւ. «Մայրը ան է , որ կրնայ զբաղեցնել բոլորին տեղը, բայց ոչ ոք կրնայ զբաղեցնել իր տեղը»:
Մենք կը սիրենք մեր մայրերը, ինչպէս ծառերը կը սիրեն ջուրն ու արեւը։ Մայրը կ՚օգնէ մեզի աճելու, զարգանալու և հասնելու ամենաբարձրին։
Իմ հարստութիւնը ինծի համար աղօթող Մայրս է ,
Իմ հարստութիւնը մօրս ձայնն է»։
Շնորհաւոր բոլորին Մայրերու օրը։
Նարինէ Փանոսեան