Օրեր առաջ բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ «Ալ-Ախպարիէ» վերանորոգուած կայանին, որ իր մեկնարկին օրն իսկ յայտարարեց, թէ նոր որակով ու բազմակարծութեան հեռանկարով պիտի հարստացնէ Սուրիոյ տեղեկատուական դաշտի այս տարածքը։
Իրականութեան մէջ, նախկին տարիներուն բազմակարծութիւնը բաւական խոցելի պատկեր մը կը կազմէր Սուրիոյ տեղեկատուական դաշտին մէջ, հետեւաբար նման հեռանկարով աշխատանքի ձեռնարկող կայանի մը առաջին քայլերը բազմակարծութեան տարածք մը ստեղծելու ողջունելի սկիզբ կարելի է համարել։
Կայանի սփռումին առաջին օրը զրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան նախագահը յայտնեց, որ պատասխանատու եւ ազատ մամուլը իր դերը պիտի ունենայ Սուրիոյ վերականգնումի գործընթացին մէջ։
Ան շեշտեց, որ Տեղեկատուութեան Նախարարութիւնը պիտի ուրուագծէ տեղեկատուական դաշտի ընդհանուր
արժէքներն ու տեղեկատուական անվտանգութիւնը, մինչդեռ ընկերակցութիւնը պիտի աշխատի լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու աշխատանքի ազատ միջավայր ստեղծել եւ պաշտպանել լրագրողներու ազատ աշխատանքի եւ ապահովութեան իրաւունքները։ Անոր խօսքով ընկերակցութիւնը այս փուլին պիտի հաստատէ իր ներքին կանոնագիրը, որուն մէջ լրագրութեան որոշ չափանիշներ սահմանելով մէկտեղ, պիտի պաշտպանէ ազատ խօսքի եւ այլակարծութեան տարածքը, ինչպէս նաեւ ոչ-պետական, անկախ մամուլի կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ։
Այս խոստումները որքան արագ իրականանան, սուրիացի լրագրողը այնքան աւելի մասնակից պիտի ըլլայ Սուրիոյ վերականգնումին՝ իր մասնագիտական պատասխանատու աշխատանքով։ Ան ոչ միայն պիտի սրբագրէ թերութիւնները, այլեւ պիտի նպաստէ ժողովուրդի գիտակցութեան ձեւաւորման։ Աւելին. լրագրողը Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակներուն իրարու հանդէպ եւ մամուլին հանդէպ վստահութիւնը պիտի վերականգնէ։
Եթէ սուրիական մամուլը յաջողի ազատ ու պատասխանատու խօսքի տարածք ստեղծել ու կարծիքներու անկաշկանդ արտայայտման խթան հանդիսանայ, տեղեկատուական դաշտին մէջ համարձակ ու երախտարժան քայլ մը առած պիտի ըլլայ, ինչ որ պիտի նպաստէ ոչ միայն ազատ խօսքին, այլեւ տեղեկատուական մարզի մասնագիտական նոր որակի բարձրացման։
Բազմակարծութիւնը կը նպաստէ նաեւ հասարակութեան իրազեկման մակարդակի բարձրացման եւ կրնայ համերաշխութեան հիմնական ազդակներէն մէկը դառնալ։