(Ա.)
Արփիար Տէր Մարգարեան կը պատկանի Պոլսոյ մօտիկ անցեալի՝ յետեղեռնեան առաջին տասնամեակներու
մտաւորական փաղանգին։ Հայերէնաւանդ երկարամեայ ուսուցիչ, խմբագիր ու արձակագիր է ան միաժամանակ։

Աւելի քան կէս դար կը բաժնէ զինք մեր օրերէն։ Ճիշդ այս պատճառով ալ, այսօր, ան բոլորովին անծանօթ անուն մըն է մա՛նաւանդ Պոլսէն դուրս՝ սփիւռքեան մեր գաղութներուն մէջ, ուր սերունդները իրարու կը յաջորդեն՝ առանց նոյնիսկ ճանչնալ կարենալու իրե՛նց իսկ գաղութին անցեալի երախտաւորները, ըլլան անոնք գրչի վաստակաւոր սպասարկուներ, կրթական երախտարժան մշակներ թէ ազգային նուիրեալ գործիչներ…։
Ցեղային պորտակապը փրթած է կարծէք հին ու նոր սերունդներուն միջեւ։ Անջրպետ մը, վիհ մը զատած է զանոնք իրարմէ։ Հիները մէկիկ-մէկիկ մեկնած են՝ պարապութիւն մը թողլով իրենց ետին, իսկ նորեկները, առհասարակ, շահագրգռուած չեն անցեալով…։
Բայց ես ուրկէ՞ ուր, յանկարծ, յիշեցի պոլսահայ այս երախտաւորը։
Գրադարանիս մէջ գիրք մը, նարնջագոյն կողքով, Պոլիս տպուած՝ աւելի քան տասնհինգ տարի առաջ, աչք քթթեց ինծի եւ յուշեց, թէ իսթանպուլահայ կրթական կեանքին ու գրական աշխարհին մէջ կար գաւառէն սնած տոհմաշունչ մտաւորական մը, որ կը կոչուէր Արփիար Տէր Մարգարեան։
Որքա՜ն շնորհակալ գործ տեսեր են ԱՐԱՍ հրատարակչատան պատասխանատուները՝ վերատպելով ամէնուն սիրելի «պարոն Արփիար»-ին գրական համեստ թողօնը, սիրուն կողքի մը տակ։ Գրգիռ մըն է ասիկա՝ հիներուն ազնուական ներկայութիւնը զգալու մեր մէջ, մասամբ շնչելու այն եզակի մթնոլորտը՝ որուն մէջ ապրեցան անոնք, մա՛նաւանդ ջրդեղելու մենք զմեզ այն արժէքներով՝ որոնց սիրոյն գործեր ու պայքարեր էին մեր նախնիները։
Ո՞Վ ԷՐ ԱՐՓԻԱՐ ՏԷՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Արփիար» արական անունը շատ տարածուն չէ մեր մէջ։ Բառը կազմուած է անշուշտ «արփի» արմատով, որ կը նշանակէ արեւ, արեգակ։ Այս անունը փառաւորապէս կրող ամէնէն նշանաւոր հայը, անկասկած, գրագէտ Արփիար Արփիարեանն է (1852-1908), «Կարմիր ժամուց» վիպակին անմոռանալի հեղինակը։
Արփիար Տէր Մարգարեան քահանայի զաւակ էր, ծնած՝ 1889-ին, Բաղէշի (Պիթլիս) Խուլթիկ գիւղը (այժմ՝ Արըտաղ), բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Իր կրթական ու գրական հետագայ վաստակով՝ ան պիտի դառնար այս գիւղին երկու հանրաճանաչ դէմքերէն մին, գրագէտ Եդուարդ Տարօնեանի կողքին։
Գիւղացի հասակակից տղոց նման՝ Արփիար եւս նախ յաճախեց գիւղին տէր-թոդիկեան տիպի տարրական դպրոցը, ուր ծանօթացաւ թէ՛ քերականին, թէ՛… «Ֆալախա»-ին։ Այնուհետեւ, իր քահանայ հայրը (որ Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետի գաւառային քննական շրջապտոյտներուն մասնակցեր էր ատենօք եւ ուսումնասէր մարդ էր) զինք ղրկեց Պիթլիսի ամերիկացի միսիոնարներու գիշերօթիկ վարժարանը։ 13 տարեկանին (1902) աւարտեց այդ նախակրթարանը ու այդ դեռահաս տարիքին իսկ ուսուցիչ նշանակուեցաւ նոյն դպրոցին մէջ, ապա յաջորդ տարի ալ՝ Մշոյ ամերիկեան վարժարանը, մէկական տարիով։ Իր այս կանխահաս փորձառութեան մասին հետագային պիտի գրէր.
_ Աշակերտներէն ոմանք տարիքի քիչ տարբերութիւն ունէին ինձմէ։ Միակամ աշխատանք ու խանդավառութիւն. երազուած կեանք մը, որ զիս մշտապէս կապեց ուսուցչութեան, միակ իտէալի մը, որուն շուրջը դարձայ թիթեռնիկի մը պէս, այրելու համար անոր լոյսէն ու ջերմէն…։
Ուսման անդիմադրելի տենչը հանգիստ չէր թողուր զինք սակայն։ Ուստի, որոշեց ան մեկնիլ Խարբերդ ու աշակերտիլ տեղւոյն ամերիկեան Եփրատ գոլէճին։
Խարբերդը, այդ տարիներուն, Թուրքիոյ Աթէնքն էր։ Իսկ Եփրատ գոլէճը,_ որ հիմնուած էր 1878-ին Արմենիա գոլէճ անունով ու տասը տարի անց՝ անուն փոխած,_ կրթական բարգաւաճ հիմնարկութիւն մըն էր, մանչերու եւ աղջկանց առանձին մասնաշէնքերով ու դասատուներու պատկառելի փաղանգով մը։ Հազարի չափ ուսանողներ կային այնտեղ, տարբեր գաւառներէ եկած։ Արփիար, իբրեւ գիշերօթիկ սան, 1905-1909 կանոնաւոր հետեւեցաւ գոլէճի քառամեայ ծրագրին ու շրջանաւարտ եղաւ հոնկէ յաջողապէս։ Ապագայ մտաւորակա՛նն է որ կազմաւորուեցաւ իր մէջ այնտեղ, գրագէտ-դաստիարակներ փրոՖ. Կարապետ Սողիկեանի, Յովհաննէս Պուճիգանեանի, Տօնապետ Լիւլէճեանի նման բացառիկ դէմքերու շունչին տակ (բոլորն ալ զոհ՝ Մեծ Եղեռնի տարիներուն…)։ Ամռան արձակուրդներուն ալ մեծապէս օգտուեցաւ գոլէճի հարուստ գրադարանէն ու անյագօրէն ընթերցեց հին ու նոր մատեաններ։
Ինչպէս կը տեսնուի, կատարելապէս «ամերիկեան» դաստիարակութիւն մը եղաւ իրը։
Հազիւ գոլէճն աւարտած՝ Արփիար վերադարձաւ Պիթլիս ու տարի մը վարեց տնօրէնութիւնը միսիոնարներու վարժարանին, ուր ուսանած էր ինք անցեալին։ 1910-ին սակայն շունչն առաւ Պոլիս՝ մի՛շտ աւելի բարձրագոյն ուսման երազով։ Երկու տարի հետեւեցաւ մայրաքաղաքի Իրաւաբանական վարժարանի դասընթացքներուն, միեւնոյն ատեն աւարտելով Պահեստի Սպայից զինուորական վարժարանն ալ։
Պալքանեան պատերազմին բռնկումը եւ ապա Ա. Աշխարհամարտը՝ ի՛ր ալ ծրագրերը խանգարեցին հիմնովին։ Ստիպողաբար (եւ վերջնականապէս) ընդհատեց իրաւաբանական ճիւղի իր ուսումը, որովհետեւ պարտաւորուեցաւ ռազմաճակատ մեկնիլ։ Այս շրջանին, օսմանեան բանակին մէջ ստացաւ հարիւրապետի աստիճան, իրեն վստահուեցան կարեւոր պաշտօններ (Ոստիկան Զօրաց վարժարանի փոխտնօրէնութիւն, կեդրոնի հրամանատարութիւն)։
Ա. Աշխարհամարտի օրերուն է դարձեալ, որ Արփիար իր կեանքը կապեց հայուհիի մը՝ Հայկանոյշ Աղամալեան-Բագրեւանդեանին ու պսակուեցաւ անոր հետ։
Մեծ Եղեռնի չարաշուք օրերուն, Իթթիհատի վարիչները որոշում կայացուցեր էին հաշուեյարդարի ենթարկելու թուրք բանակին ծառայող բոլոր հայազգի զինուորներն ու զինուորականներն ալ։ Առ այդ, բանակի հրամանատարութենէն «գաղտնի» հրահանգ եկեր էր՝ հարիւրապետ Արփիարն ալ «այլ տեղ» ղրկելու…։ Այդ «այլ տեղ»-ը մահուան դուռն էր անշուշտ։
Բայց նախախնամութիւնը պիտի փրկէր զինք։ Հրահանգին գործադրութենէն ժամեր առաջ, գիշերով, իրեն շատ սիրելի թուրք յիսնապետ մը ու երկու զինուորներ,_ իրենց կեանքը վտանգելո՛ւ իսկ գնով ու գրեթէ բռնի,_ թամբուած ձիերով պիտի հեռացնէին զինք իր պաշտօնատեղիէն ու թաքցնէին նախապէս որոշուած ապահով վայր մը…։
Արփիար, այսպէս, կը փրկուէր ստոյգ մահէ։ Փաստօրէն, կը դառնար վերապրող մը…։ Իսկ Պիթլիս գտնուող իր ընտանիքին բոլոր անդամները կ՛ենթարկուէին աքսորի ու կոտորածի…։
ԿՈՉԵՑԵԱԼ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
1918-ի Զինադադարին հռչակումով՝ Արփիար լա՜յն շունչ մը կ’առնէր։ Անմիջապէս կը վերադառնար իրեն այնքան սիրելի ուսուցչական ասպարէզին ու պաշտօնի կը կոչուէր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի որբանոց-դպրոցին մէջ, աւանդելով հայերէն ու անգլերէն։ Երեք տարուան այս պաշտօնավարութենէն ետք՝ ան կ’անցնէր Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, ուր շրջան մը իբրեւ ուսուցիչ գործելէ ետք, կը հրաւիրուէր ստանձնելու դպրոցին տնօրէնութիւնը։ Սամաթիան հայահոծ ու կարեւոր թաղ մըն էր ու տեղւոյն վարժարանն ալ՝ պատմական անցեալ ունեցող կրթարան մը, հիմնուած՝ 1823-ին։
Արփիար Տէր Մարգարեանի տնօրէնութիւնը կը տեւէր եօթը տարի, 1926-1933։ Ասկէ ետք, անմիջապէս, ան կ’անցնէր Ազգ. Կեդրոնական վարժարան (Ղալաթիա) եւ կը ստանձնէր հայերէնաւանդ ուսուցիչի յոյժ կարեւոր պաշտօնը։
Կեդրոնականը պոլսահայ դպրոցներուն ամէնէն աչքառուն էր, կը պահէր հինէն ժառանգուած խորհրդաւոր հմայք մը։

Այստեղ, պր. Արփիար պիտի մնար լման տասներկու տարի, արդիւնաւէտ ծառայութեամբ։ Ան պիտի սիրուէր ու մեծապէս գնահատուէր իր հարիւրաւոր աշակերտներէն, որոնց մտապատկերին ու յիշատակներուն մէջ, հետագային, միշտ ալ պիտի մնար պատկառելի ու անմոռանալի տիպար մը։
Կեդրոնականէն ստիպողաբար պիտի բաժնուէր սակայն 1945-ին, Կրթական Տնօրէնութենէն եկած կտրուկ հրահանգով մը։
Ի՞նչ պատահեր էր. պետութիւնը ինչո՞ւ անակնկալօրէն պաշտօնէ կը դադրեցնէր կարգապահ ու օրինակելի հայ ուսուցիչ մը։ Այս հարցը ընդվզում կը յառաջացնէր, օրին, պոլսահայ հասարակութեան ու մամուլին մէջ եւս։ Մարդիկ հարց կու տային իրաւամբ, թէ ինչո՞ւ առանց դոյզն պատճառաբանութեան՝ վերջ տրուած էր պր. Արփիարին պաշտօնավարութեան։
Կը թուի թէ այս խորհրդաւոր պաշտօնազրկումին պատճառ դարձեր էին այն յերիւրածոյ ու թունալից «թաքրիր»-ները, զորս,_ աւա՜ղ ու ամօ՛թ,_ կարգ մը հայանուն խլուրդներ յղեր էին պետական պաշտօնատուներու…։ Ի՜նչ քսութիւն…։
Պր. Արփիար, ակամայ, հինգ տարի կը դադրէր ուսուցչագործելէ։ Խորապէս կը դառնանար անշուշտ, կը մատնուէր հոգեկան լուրջ տառապանքի եւ նիւթական նեղութեանց։
Մինչ այդ, ամիսներ, այլեւ տարիներ շարունակ թուրք կրթական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մօտ կատարուած գրաւոր կամ բերանացի բազմաթիւ միջնորդական դիմումներ, բարեբախտաբար, ի վերջոյ կու տային դրական արդիւնք մը ու պր. Արփիարին դա՛րձեալ կ’արտօնուէր վերադառնալ դպրոց։
Բայց ան ա՛լ չէր վերադառնար Կեդրոնական։ Կ’ընտրէր, այս անգամ, Պէզազեան վարժարանը, ուր պիտի պաշտօնավարէր 1950-53։ Այս պիտի ըլլար վերջակէտը իր կրթական աւելի քան երեսնամեայ գործունէութեան՝ գաւառէն մինչեւ Պոլիս։
Իր կեանքին մնացեալ բաժինը ան խաղաղօրէն պիտի անցընէր Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ շուքին տակ՝ իբրեւ քարտուղար։
Արփիար Տէր Մարգարեան, իսկապէս, կոչեցեալ ուսուցիչ մըն էր։ Պիթլիսի, Մշոյ ու Խարբերդի գաւառական տոհմիկ մթնոլորտը թրծեր էր իր մէջ իտէալիսթ ուսուցիչը ու տուեր էր անոր հզօր շունչ մը, որ կարծէք բնաւ չէր կասեր հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան ճամբուն վրայ…։ Իր յուշերուն մէջ, առիթով մը, գրած է հետեւեալը.«Հակառակ իմ նիւթական արգահատելի վիճակին, ինքզինքս եւ տունս կամաւոր եւ անհանդուրժելի զրկանքներու ենթարկեցի յամառօրէն։ …Ապրուստի ծանր մտահոգութիւններով բեռնաւոր՝ առաւօտ կանուխ վարժարան կ’երթայի, երեկոյին՝ հակառակ օրուան ծանր աշխատանքին ու յոգնութեան, հոգիով թեթեւցած ու կորովի տուն կը վերադառնայի»։
Եւ որովհետեւ իր ասպարէզին մէջ կատարեալին ձգտումն ունէր, ան ուշադրութեան կիզակէտ դարձուց դպրոցներու մէջ օգտագործուող հայերէնի դասագիրքերը։ Վերահրատարակեց Արամ Անտոնեանի «Գանձարան»-ները՝ յաւելումներով եւ ճոխացեալ ձեւով։ Յետոյ, Կեդրոնականէն բաժնուելու նոյն տարին, լոյս ընծայեց ի՛ր իսկ կողմէ պատրաստուած «Աղբերակ» հայերէնի դասագիրքը, նախակրթարանի վերի կարգերուն յատուկ։
(Շարունակելի)
Լեւոն Շառոյեան