Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին

(Թ.)

Հայերու Յարաբերութիւնները՝ Հռոմէական Սուրիոյ Հետ
Յիշարժան է, թէ մասնաւորաբար Անտիոքը դարձած էր քրիստոնէական ուշագրաւ կեդրոն մը, մանաւանդ որ 70 թուականին հռոմէացիները աւերած էին Երուսաղէմը։ Քաղաքը հանդիսացած էր Աւետարանի քարոզութեան օրրան մը եւ քրիստոնէական եկեղեցին այդտեղ կազմակերպուած էր, Պօղոս Առաքեալ շրջան մը Անտիոք մնալով անոր պարիսպներուն մէջ ապաստանած քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը վարած էր։ Անտիոքի ընդարձակ շրջաններուն մէջ, դէպի ծովեզերք, Որոնդէս գետի հովիտն ու մինչեւ Հալէպ ծաղկած էր վանական-ճգնաւորական բեղուն կեանք մը, նոյնիսկ քրիստոնէութեան առաջին դարուն։ Երկիրը իր հիանալի բնութեամբ, անմատչելի խորշերովն ու ծերպերովը, հրապուրած էր բազմաթիւ  վանական-հոգեւորականներ, անոնց կողմէ հիմնուած էին մեծ թիւով ճգնարաններ, որոնք վերածուած էին կանոնաւոր ու կազմակերպուած վանքերու, եւ բոլորին պատմութիւնը կ’երթայ մինչեւ բիւզանդական շրջանը։ Հետաքրքիր է արաբ զօրավար Ապու Օպայտա ալ-Ճարրահի նամակը՝ յղուած Օմար Իպն ալ-Խաթթապ խալիֆային (634-644թթ.), ուր Անտիոքի համար ի միջի այլոց ըսած է.
«Այնքա՜ն գեղեցիկ է եւ հովասուն քաղաքը, չուզեցի իջեւանիլ այդտեղ, որպէսզի աշխարհիկ սէրը գրաւելով իսլամներու սիրտերը՝ զանոնք չշեղէ Աստուծոյ հնազանդութենէն…»։
Այս վանքերուն յաջորդած էին Միջին դարու խաչակիրներու վանքերը։
Զուգահեռաբար, այդ օրերուն Անտիոք նաեւ մշակութային, առեւտրական եւ արհեստագործական յատկանշական քաղաք մը հանդիսացած էր, հաւանաբար մեծ թիւով հայ առեւտրականներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, մշակոյթի գործիչներ հաստատուած էին այդտեղ, մանաւանդ Իսոսի կամ Ալեքսանտրէթի ծոցէն մինչեւ Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա), երբ Իսոսի ծոցը կոչուած էր «Հայոց ծոց»։ Հռչակաւոր հանդիսացած էր նշանաւոր ճարտասան Ղեւոնդիոս Լիբանիոսի (314-393թթ.) Անտիոքի դպրոցը, ուր աշակերտած էին 20 հայ աշակերտներ.
«… Եւ անդադար երթեւեկին վաճառաբեր կարաւանաց, ‘ի միջի կալով երկույուն Դրանցն Ամանոսի, մինչեւ Ծոցոյն Հայոց կոչիլ այդ յանուն նորին՝ Ծոց Աղեքսանդրեկի…» ։
Այս դպրոցին աշակերտներէն էր Ղեւոնդիոս Հայկազն (կամ Լեւոն Հայկազն), որ Հայաստանի մէջ հիմնած էր փիլիսոփայութեան դպրոց մը, ապա դարձած էր Անտիոքի համալսարանի ուսուցչապետը։ Մեծ հաւանականութեամբ այդտեղ ուսանած էր նաեւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, երբ յիշուած է, թէ ան մանկութենէն ստացած էր յունական կրթութիւն եւ վարժ էր յունական դպրութեան։ Նոյնպէս, Յովհան Ոսկեբերան 405 թուականին աքսորուած էր Անտիոքի մօտիկը՝ Կոկիսոն, ուր հանդիպած էր Դիոսկորոս անունով հայ եպիսկոպոսի մը, որ զինք հրաւիրած էր «հայոց եկեղեցին», նախագահելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած տօնախմբութեան մը։ Միաժամանակ Կոկիսոնի բերդատէր իշխանը հայ մը եղած էր, Սոպատարոս իշխան, որուն մասին դրուատիքով խօսած էր Յովհան Ոսկեբերան, շեշտելով որ Ջահան գաւառի բոլոր բերդատէրերը հայեր էին, նոյնպէս եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը։ Յովհան Ոսկեբերան Կոկիսոնի խստաշունչ ձմեռը կոչած էր՝ «Հայկական ձմեռ»։
Անտիոք իր դիրքը պահած էր մինչեւ արաբական արշաւանքները։
Կը կարծուի, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէական կրօնի տարածման իր աշխատանքներուն մէջ հասած էր մինչեւ Սուրիա։
«…Ամիդ քաղաքէն մինչեւ Մծբին քաղաքը, գերելով Ասորիքի սահմանները, նոր Շիրական երկիրը, Կորդուք գաւառը մինչեւ Մարերու ամուր աշխարհը, մինչեւ Մաքքր-Տան իշխանի երկիրը եւ Ատրպատական՝ կը սփռէր, կը տարածէր իր աւետարանական քարոզը»։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ուխտաւորաբար այցելած էր Երուսաղէմ եւ այդտեղ ճգնողական կեանք վարած էր։ Աւանդաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կը վերագրուի Երուսաղէմի տնօրինական վայրերու մեծ եկեղեցիներուն շինութիւնը։ Ինչպէս նաեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայ գիրերը ստեղծելու նպատակով երբ Միջագետք եկած էր, գործնական խորհուրդներ ստացած էր ասորի գիտնականներէ, իսկ Հայաստանի (Պարսկահայաստանի) քրիստոնէական առաջին թարգմանութիւնները ասորերէն լեզուէն  կատարուած էին։
Ուրեմն, քրիստոնէութեան տարածման առաջին շրջաններէն մինչեւ Ե. դար, պատմականօրէն հաստատուած է Սուրիոյ մէջ ծաւալած քրիստոնէական եռուզեռը, մանաւանդ երկրին հիւսիսային մասերուն մէջ, ուր միաժամանակ հայերու ներկայութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ հաստատուած է։
Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն համար կարելի չէ նոյնը ըսել, նկատի առնելով հանդերձ Դամասկոսի քրիստոնէական աւանդը, եւ այդ օրերուն դէպի Պաղեստին սկսած ուխտագնացութիւններու թափը։ Ի դէպ, Հալէպի պարագային կը կարծուի, թէ դէպի Պաղեստին ուխտագնացութիւններուն զարգացումով՝ հայ ուխտաւորները սատարած էին տեղւոյն հայ համայնքին ձեւաւորման, կազմաւորման եւ զարգացման, փոքրաթիւ հայ գաղութը պատմականօրէն առաջին անգամ հաստատուած է ԺԴ. դարուն, 1355 թուականին, ըստ Հալէպի մէջ գրչագրուած Աւետարանի մը Յիշատակարանին, որ մեկնակէտը կը հանդիսանայ համայնքին սկզբնական պատմութեան։
Աւետարանը գրուած էր Յովհանննէս անուն հոգեւորականի մը կողմէ, հաւանաբար վարդապետ մը կամ եպիսկոպոս մը, որ կը կարծուի, թէ նաեւ համայնքին հոգեւոր տեսուչը եղած էր եւ հովուած զայն, համայնքը՝ որպէս Սփիւռքի «Մայր Գաղութ»-ը կը գոյատեւէ առ այսօր։ Իսկ Դամասկոսի հայ համայնքին մասին հետեւեալ կարծիքը տրուած է.
«…Նկատելով որ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուած է նախ Տրդատի եւ յետոյ Մեծն Կոսդանդիանոսի նոր հաւատքը ընդունելէն վերջ՝ եւ նկատելով որ մինչեւ չորրորդ դար քրիստոնէութիւնը եղած է գաղտնի կրօնք մը, հետեւաբար Դամասկոսի պէս տեղ մը որ հնոց անտի եղած է Արեւելքի լաւագոյն քաղաքներէն մէկը, չէր կրնար ունենալ պաշտօնական կայան մը իր ուխտավայրի ճամբուն վրայ, ուստի ստիպուած ենք ընդունիլ որ չորրորդ դարուն մէջ հաստատուած են այն բոլոր կայանները, որոնք կը գտնուին Երուսաղէմի ճամբուն վրայ, ի միջի այլոց նաեւ Դամասկոսի հայոց Ս. Սարգիս վանքը»։
* * *
Պատմաաշխարհագրական Սուրիոյ կամ «Պիլատ ուշ-Շամ»-ի մէջ հայերու յարաբերութիւնները սկսած էին դարերու խորքէն, երբ Հայկական բարձրաւանդակէն անցած էին հին Արեւելքի առեւտրական միջազգային այն ճանապարհները, որոնք պատմական Սուրիոյ տարածքը կապած էին Սեւ եւ Կասպից ծովերուն հետ։ Սուրիոյ հայ համայնքը պարբերաբար վերանորոգուելով նաեւ Հայաստանէն դէպի դուրս իրականացած զանգուածային արտագաղթերով՝ որոնց բարձրակէտը հանդիսացած է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յաջողած է գոյատեւել, ստուարանալ, բարգաւաճիլ, զարգանալ եւ կարեւոր տեղ գրաւել հայութեան համայնական կեանքին մէջ, իր որոշադրիչ դերով ու տակաւ շարունակուող դերակատարութեամբ։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան