Ձմեռ է: Փայտէ վառարանին մէջ խոշոր կոճղի ճթռտոցը կը լսուի։ Միայն այս վառարանը Քեսապի պաղին «քիթը կը կտրէ»: Ան իր տաքութիւնը կը սփռէ չորսդիս, իսկ այրող ճիւղերուն ճարճատիւնը ջերմացնող երաժշտութեամբ ու բոյրով կը պատէ սենեակս:
Փայտը տեղաւորելէ ետք, առաւօտեան սուրճս կը համտեսեմ: Մեր տան պատուհանէն դուրս կը դիտեմ բնութեան գեղեցկութեամբ զմայլած: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն միայն իրենց փետուրներով պատսպարուած թռչուններ, հակառակ դուրսը տիրող սաստիկ ցուրտին։ Անոնք նախաճաշի համար ուտելու բան կը փնտռեն: Մէկ-մէկ անտէր ու անօթի շուն մըն ալ, հաջելով թաղէն կ’անցնի, կ’երեւի ան ալ ուտելիքի փնտռտուքի մէջ է:
Յանկարծ ուշադրութիւնս կ’իյնայ դիմացի շէնքին վրայ, ուր մշուշոտ խճողում ու իրարանցում մը կայ: Հետզհետէ կը յստականայ պատկերը ու կը յայտնուի նիհարակազմ, երկարահասակ, երկար ծամերով ու անհանդարտ, սիրուն տիկին մը:
Կրկին փայտ մը կը տեղաւորեմ վառարանին մէջ: _Արդեօք ի՞նչ կ’աշխատի այս կինը,_ կը մտածեմ,_ մէկ վայրկեան անգամ հանգիստ չունի:
-Մի՛ վազվզէր, սիրելի՛ս, կեանքը կարճ է, չ’արժեր այդքան աշխատիլ ու վազվզել: Ահա ես, այդքան վազվզեցի կեանքիս ընթացքին, նոյնիսկ անձիս ժամանակ չտրամադրեցի: Բայց ի՞նչ օգուտ, ալ ուշ է: Ժամանակն ու կեանքիս օրերը չեմ կրնար վերադարձնել ու հոն բան մը փոխել:
Տիկնոջ հետ խօսելով աւելի լաւ ու հանգստացած զգացի: Դուրսը փոթորիկն ալ մեղմացաւ: Կարծես ըսածներս տեղ գտան անոր մտքին մէջ ու խելքի եկաւ: Ան նստաւ, գլուխը վար կախեց, ընթացքին մազերն ալ դէպի վար կախուեցան, փէշը դէպի ծունկերը հաւաքեց: Երկվայրկեանի մը ընթացքին աչքին առջեւէն կեանքի տեսերիզը անցաւ կարծէք, ու հոն ինչե՜ր գտաւ: Երբեմն դժուար օրեր, որոնց համար տխրեցաւ, բայց անդին ուրախ օրերն ալ քիչ չէին: Սակայն չկրցաւ կողմնորոշուիլ, արդեօ՞ք ուրախ օրերը աւելի շատ էին, թէ՛ տխուր օրերը: Կրկին փոթորիկ մը յառաջացաւ անոր մէջ կարծէք: Հպարտութեամբ գլուխը վեր առաւ, երկու ձեռքերով մազերը ետեւ հաւաքեց ու սաստկացած հովին տուաւ զանոնք: Իշխանուհիներու նազանքով ոտքի ելաւ, փէշը թօթուելով կարծէք կը թօթուէր անցնող օրերու դժուարութիւնները: Թեւերը հորիզոնական երկարեց, յետոյ զանոնք վար առաւ ու սկսաւ կլոր-կլոր դառնալ ու պարել: Անոր մարմինի շարժումները հովին համահունչ էին:
Յանկարծ կինը սկսաւ աստիճանաբար այլանդակուիլ, վա՛յ, ի՞նչ պատահեցաւ: Կտոր մը փայտ կրկին վառարանին մէջ տեղաւորեցի:
_Չէ՛,չէ՛, մի՛ երթար, սիրելի՛ս: Բարձրահասակ կինը յանկարծ փոքր երեւցաւ, անոր երկար մազերն ալ խառնիխուռն եւ կարճ տեսք ստացան: Սենեակիս տաքութիւնը անդիմանալի դարձաւ: Այտերս կրակի նման կ’այրէին, ձեռքիս ու ոտքիս մատները տաքութենէն կը մռմռային: Գլուխս հազիւ վեր առի, աւա՜ղ սիրուն կինը ալ չկար: Ո՜հ, որքան տխրեցայ:
Աչքերս խոշոր-խոշոր բացած փնտռեցի զինք, սակայն չկար…: Անոր փոխարէն վառարանի խողովակին վրայ տեղաւորուած «T» անգլերէն տառին նման խողովակ մը կար, ու այդ շէնքի դռնէն դուրս եկաւ դիմացի տան դրացուհիս:
Ո՜հ, դրացուհիս, ինչո՞ւ-ինչո՞ւ, քանի մը փայտ զլացար տանդ վառարանին մէջ դնելու: Հիմա այդ սիրուն աղջիկը ո՞ւր գտնեմ, որքա՜ն հաճելի էր անոր ներկայութիւնը:
Սուրճիս վերջին ումպը խմեցի, գաւաթը վար առնելով փորձեցի ինքզինքս համոզել, թէ՝ յաջորդ օրերուն դրացուհիս կրկին իր փայտէ վառարանը կը վառէ ու կրկին կը հանդիպիմ այդ սիրուն, ծուխէն յառաջացած ընկերուհիիս, որ դարձաւ սուրճի ընկերակիցս:
Այդ օրուան սպասումէն երկար օրեր անցան: Շատ-շատեր եկան ու անցան, շատեր դուրս եկան այդ ծխնելոյզէն, սակայն ոչ մէկ երեւոյթ սրտիս խօսեցաւ:
Այդ սպասումի յոյսով կ’ապրիմ տակաւին, միշտ ինքզինքիս հարց տալով. «Արդեօ՞ք կը տեսնուինք կրկին, ես ու ծուխապատ սիրուն այդ տիկինը, արդեօ՞ք կրկին դուրս կու գայ ծխնելոյզէն…»:
Սեւան Ա. Մանճիկեան