Պատմութեան խորքը մնացած է վէրք մը, որ թէեւ մոռացութեան դեղին էջերուն մէջ թաքնուած է, սակայն անկէ դուրս կու գայ լացի անդադրում ձայն մը, արեան չխամրող կանչ մը։ Հայերը ժամանակին պարզապէս տեղեկագրերու մէջ արձանագրուած թիւեր կամ աւազի մէջ հալող անուններ չէին, այլ՝ սրտեր, որոնք կեանքով լեցուն էին, երազներ, որոնք առաւօտեան տուներու սեմին կը ծաղկէին, մինչեւ որ վրայ հասաւ ջրհեղեղը եւ կուլ տուաւ ամէն բան, նոյնիսկ արեւ չտեսած ծաղիկները։ Երբ արտը ծաղկելու կը նախապատրաստուէր, մահը անակնկալօրէն թառեցաւ անոր վրայ՝ ամպոտ երկնքի մէջ շրջող սեւ ագռաւի նման։
24 Ապրիլ 1915-ն էր.  օր մը, որուն ընթացքին հոգիները տատանեցան վախի կախաղաններուն վրայ.  օր մը, որուն ընթացքին հայ մտաւորականներն ու ղեկավարները մահուան ճիրաններուն մէջ յայտնուեցան եւ սկսաւ արեան ճամբորդութիւնը, ուր ոչ հրաժեշտ տալու առիթ կար, ո՛չ վերադարձի ճամբայ։
Սպանութիւնը այդ օր՝ սովորական արարք մը չէր, այլ դժոխքի արարողութիւններէն մին։ Ընտանիքներ իրենց բնակարաններէն տեղահան եղան, երիտասարդ աղջիկներ իրենց մայրերէն խլուեցան այնպէս ինչպէս ծառին ճիւղերը՝ իրենց կոճղերէն։ Տղամարդիկ հրապարակներու մէջ մէկտեղեցին, որպէսզի նախապէս իրենց համար պատրաստուած խրամատներու մէջ ողջ-ողջ թաղուէին, կարծէք այդ հողին զաւակները չէին անոնք։
Բռնի տեղահանութիւնը պարզապէս տեղէ-տեղ փոխադրում մը չէր, այլ անցում էր դէպի ունայնութիւն. անվերջանալի կարաւաններ քշուեցան սուրիական անապատներու երկայնքին, ուր ո՛չ հովանի մը ունեցան պաշտպանուելու կիզիչ արեւէն, ո՛չ ջուրի կաթիլ մը հագեցնելու իրենց ծարաւը։ Հորիզոնին վրայ միայն անտէր երամներ կ’երեւէին, կարծէք հողը իր վրայ քալող արարածները ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկէր… Մանուկներ աշնանային տերեւներու նման կ’իյնային գետին, կիներ յուսահատ կ’որոնէին անդարձ կորած իրենց զաւակներն ու ամուսինները, մարդիկ կմախքի վերածուած կը քալէին կիզիչ արեւուն տակ դէպի անյայտ ճանապարհներ։ Լուսինը աննկարագրելի ողբերգութեան գիշերային միակ վկան էր։ Կոյս աղջիկներ կ’առեւանգուէին, ուրիշներ գետերու մէջ կը նետուէին, աղաղակները հովին հետ կռիւ տալով երկինք կը բարձրանային։
Ճամբու ամէն մէկ քար մահուան պատմութիւն մը կը պատմէր, ցաւի ամէն մէկ ճիչ անմխիթար զեփիւռին կը փորձէր միանալ։
Այսօր,  յարգանքի մեր տուրքը տալով անշիրիմ  նահատակներուն, մանկութիւն չվայելած փոքրերուն եւ արեան ճամբաներուն վրայ անյոյս սպասելով մաշած մայրերուն կ’ըսենք. «Ողջոյն ձեզ, որովհետեւ պարզապէս յիշատակ մը չեղաք, այլ կոտտացող վէրք մը պատմութեան սրտին մէջ։ Ողջոյն հայ ժողովուրդին, որ արձանագրեց ցեղասպանութենէն աւելի ծաւալուն ու կենսատու պատմութիւն մը՝ իր յարութեան եւ վերապրումի պատմութիւնը՝ փաստելով որ կեանքը սիրող ժողովուրդը չ’անհետանար»։
Լիզա Շառոյեան