ԳԱՐՆԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Գարունը իր մեղմ զեփիւռով, գունագեղ ծաղիկներով եւ պայծառ արեւով դրական տրամադրութիւն կը հաղորդէ կենդանի արարածներուն, յատկապէս մարդուն։ Գարունը մարդը կը մղէ.

Ա) Վերանորոգուելու։ Գարունը ոսկեայ առիթ է վերակազմակերպելու մեր կեանքը եւ ձերբազատելու վնասակար կամ անօգտակար վարժութիւններէ ու գործերէ։ Այլ խօսքով լաւագոյն առիթն է նորոգուելու եւ դրական տրամադրութեամբ վերադասաւորելու ամէն բան։
Բ) Ձերբազատելու Անցեալէն։ Այնպէս ինչպէս թառամած ծառերուն տերեւները կը թափին ու նորերը կը ծաղկին, նոյնպէս մենք պէտք է ձերբազատինք մեր նախկին վատ սովորութիւններէն կամ անյաջող յարաբերութիւններէն ու
նորերը մշակենք։
Գ) Վերադառնալու Բնութեան։ Բնութեան հետ շփումը՝ պարտէզին մէջ քալելով կամ արեւու լոյսին ներքեւ նստելով, մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնն ու խաղաղութիւնը կը վերականգնէ։
Դ) Բացուիլ Կեանքին։ Գարնան կենսուժը կը մղէ բացուելու կեանքին, նորը ընդունելու եւ ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններուն մէջ գեղեցիկը տեսնելու։
Ե) Ստեղծագործելու։ Եթէ կը սիրէք գրել, գծել, նուագել կամ նոր ծրագիր մը կեանքի կոչել, գարունը կը բազմապատկէ ձեր եռանդը, որպէսզի առաջին քայլը առնէք։
Չինական փիլիսոփայութեան համաձայն, գարնան կենսուժը բնութեան սրտէն բխող նոր ծնունդի լաւագոյն ուժն է։
Երբ դաշտերը կը ծաղկին, երկարաշունչ ձմեռէն ետք կլիման կը մեղմանայ, գարունը սովորական, անցողակի եղանակէ մը աւելին կը դառնայ։ Ան կենսունակութեան անշէջ հուր կը սփռէ մեր շուրջբոլորը՝ բնութիւնը իր ձմեռնային խոր քունէն արթնցնելով։ Գարունը կը յուշէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ շարժիչ ուժ մը կայ, որ լոյսին կը սպասէ, որպէսզի դուրս ելլէ եւ մեր կեանքին նոր եռանդ ու աշխուժութիւն պարգեւէ։
***
ՍՈՒՆԿՈՎ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԱՂՑԱՆ
Բաղադրութիւն
350 կրամ թարմ սունկ
350 կրամ մանր լոլիկ (չերրի)
1 վարունգ
Հազարի տերեւներ
Ձիթաիւղ
1 ապուրի դգալ քացախ
1 ապուրի դգալ մանանեխ
1 թէյի դգալ ծեծուած սխտոր
Աղ/սեւ եւ կարմիր պղպեղ
Պատրաստութիւն
1 ապուրի դգալ ձիթաիւղին մէջ տապկել մանրուած սունկերը: Փոքր ամանի մը մէջ զետեղել 1 ապուրի դգալ ձիթաիւղը, քացախը, մանանեխը, սխտորը եւ սեւ պղպեղը, խառնել ստացուած թացանը մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ըլլայ: Մնացած բանջարեղէնը լուալ, կտրտել եւ լեցնել խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցնել տապկուած սունկն ու պատրաստուած թացանը: Աղն ու կարմիր պղպեղը՝ ըստ ճաշակի: Բոլորը խառնել եւ հիւրասիրել մսեղէնով ճաշի հետ։
Բարի ախորժակ։