ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի առժամեայ յանձնաժողովը, հիմնուելով երկրի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան որոշումին վրայ, յայտարարեց, որ 2025 տարեշրջանի պասքեթի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ առանց ժողովուրդի մասնակցութեան:
-Կիրակի, 4 Մայիսին սկսան Սուրիոյ պասքեթի տղոց 2025 տարեշրջանի մրցումները՝ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի մարզդաշտին վրայ։ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմի մրցակիցը դարձաւ Հալէպի Ահլին։ Մրցումը աւարտեցաւ Ահլիի 82 – 71 յաղթական արդիւնքով:
-Պասքեթի Միջազգային Դաշնութիւնը՝ FIBA-ն, մերժեց արձանագրել Սուրիոյ ախոյեանութեան մասնակից նոր այն խաղացողներու անունները, որոնք իրենց վերջին տարեշրջանին մաս կազմած են տարբեր երկիրներու մրցումներու: FIBA-ն այս որոշումը առաւ այն հիմնաւորումով, որ մինչեւ օրս Սուրիա չէ կատարած պասքեթի դաշնութեան ընտրութիւն: Այս որոշումին հետեւանքով, ՀՄԸՄ Լիբանանէն ժամանած Գէորգ Գէորգ մաս պիտի չկարենայ կազմել ՀՄԸՄ Հալէպի խումբին, իսկ Ահլի Հալէպի խաղացող Պիլալ Աթլի եւս մաս պիտի չկարենայ կազմել խումբին, որովհետեւ ան վերջերս իր մասնակցութիւնը բերած էր Լիբանանի Հրաճէլ խումբի մրցումներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ՝ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի անդամ, 96 քկ. կշռող մարզիկ Գրիգոր Ղազարեան աշխարհի առաջնութեան ոսկի մետալակիր դարձաւ: Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ ընթացող աշխարհի պատանեկան առաջնութեան, 96 քկ. Գրիգոր Ղազարեան պոկումի վարժութեան երեք յաջող փորձերով բարձրացուց 138 քկ., 142 քկ. եւ 145 քկ.: Այս վարժութեան Ղազարեան նուաճեց ոսկի մետալ: Հրումի վարժութեան Գրիգոր գլխավերեւ պահեց 175 քկ., 180 քկ. եւ 185 քկ.: Այս վարժութեան հայ մարզիկը դարձեալ նուաճեց ոսկի մետալ: Երկամարտի 330 քկ. արդիւնքով՝ Գրիգոր Ղազարեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑ

Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ շարունակուող ծանրամարտի պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան կանանց 55 քկ. կշիռք ունեցող Ալեքսանտրա Գրիգորեան պոկումի վարժութեան բարձրացուց 85 քկ. եւ 88 քկ.: Հրումի վարժութեան հայ մարզուհին բարձրացուց 116 քկ.: Այս վարժութեան ան նուաճեց ոսկի մետալ: Երկամարտի 204 քկ. արդիւնքով՝ Ալեքսանտրա Գրիգորեան երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան պրոնզ մետալ շահեցաւ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան