ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակի տեղակալ Թոմի Պիքոտ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ցանկայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում տեսնել՝ նշելով, որ ատիկա նախագահ Տանըլտ Թրամփի տարածաշրջան այցի նպատակներէն մէկն է։ Մեկնաբանելով Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները չեղարկելու մասին Թրամփի յայտարարութիւնը, Պիքոտ ԱՄՆ նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է. «ԱՄՆ նախագահը խօսեցաւ ողջ տարածաշրջանը բարգաւաճ տեսնելու իր ցանկութեան մասին»: