Եւրոպական Յանձնաժողովի ընդլայնման եւ արեւելեան դրացնութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավար Կերթ Եան Քուփմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Կերթ Եան Քուփման բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը կը դիտարկէ իբրեւ վստահելի եւ արժանահաւատ գործընկեր: Ան դրական գնահատած է վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ որդեգրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքը՝ նշելով, որ ատիկա կարեւոր ուղերձ է, որ կը վկայէ Հայաստանի եւրոպական ընտրութեան անկեղծութեան եւ հետեւողականութեան մասին:
Քուփման ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցելու այդ հոլովոյթին՝ ընդլայնելով համագործակցութիւնը բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի կայուն զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: