ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու չեղեալ համարումը սուրիացիներուն երկար սպասած աւետիսն էր։
Աւետիսը… որովհետեւ պատժամիջոցները ոչ միայն երկրի ենթակառոյցներու կամ տնտեսութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցան, այլեւ պատճառ դարձան երիտասարդութեան արտագաղթին, որովհետեւ անոնք ուսման, աշխատանքի, արժանավայել կեանքի հորիզոնը չէին տեսներ նման պատիժներու տակ կքած երկրի մը մէջ։ Պատիժները ազդեցին սովորական բանուորէն մինչեւ առեւտրականին ու գործարարի աշխատանքին վրայ, զբօսաշրջութենէն մինչեւ հաղորդակցական միջոցներու եւ կենսուժի ոլորտներուն վրայ, սուրիացիին կեանքը դարձնելով ծանր ու դժուար։
Դամոկլեան սուրի նման Սուրիոյ ժողովուրդի գլխուն վրայ աւելի քան տասը տարի կախ մնացած պատժամիջոցները վերջապէս չեղեալ համարուեցան, յառաջացնելով ապագայ Սուրիոյ մասին նոր յոյս ու հաւատք։
ԱՄՆ-ի նախագահը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ նոր առիթ մը կը տրուի Սուրիոյ։ Իրականութեան մէջ սուրիացի ժողովուրդը այս առիթը պէտք է վերածէ նոր ապագայ կերտելու իսկական մեկնարկի, միաժամանակ սակայն ներքին համերաշխութեան եւ ապահովութեան, սուրիական ընկերութեան բոլոր տարրերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան կայուն ու պարարտ, ոչ-ձեւական ենթահող մը ստեղծելով։
Սուրիան երկար սպասեց այս պահուն, բազում զոհեր տուաւ, տառապեցաւ, այժմ դէպի խաղաղ եւ կայուն ապագայ առաջին քայլը առնելու եւ նպատակասլաց գործելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այս պահը պէտք է ճիշդ օգտագործել, ժողովուրդի միասնականութեամբ թագադրել ու երկրի ներքին ապահովութեան ու համերաշխութեան երաշխիքներով բեղմնաւորել։
Պատամիջոցներու չեղեալ համարումով, վերջապէս, կրնան աշխուժանալ օտար ներդրումները, սուրիական լիրան աստիճանաբար կրնայ վերագտնել իր արժէքը, կը նուազին հիմնական ապրանքներու գիները եւ կը բարելաւուին յատկապէս երեկտրականութեան եւ առողջապահական ոլորտներու ծառայութիւնները։ Պատժամիջոցներու չեղեալ համարումով եւ տարատեսակ սարքերու ներածումով կը բարելաւուին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ առեւտուրի ոլորտները, հաւանաբար նոր մակարդակի կը բարձրանայ Սուրիոյ կրթական ոլորտը եւս։
Այս բոլորին կողքին, Սուրիան արտաքին աշխարհին հետ բնականոն յարաբերութիւններու նոր փուլ մը կը մտնէ, կը վերաբացուին դիւանագիտական գրասենեակներ ու գործակցութեան նոր առիթներ կը ստեղծուին տարածաշրջանային, արաբական եւ արեւմտեան երկիրներու հետ։
Կը մնայ յուսալ, որ երկիրն ու ժողովուրդը արագ ու խոհեմ գործելով լաւագոյնս օգտուին այս առիթէն ու նոր էջ մը բանան՝ վերականգնելու Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւոր դերը, բարելաւելու ժողովուրդին կենսամակարդակը եւ ապահովելու սուրիացի տեղահանուածներու, սուրիացի մտաւորականներու, գիտնականներու, ուսեալ մարդուժի եւ գործարարներու վերադարձը։
Թող Սուրիան աշխարհին սփռէ իր ձեռքբերումներուն մասին հաղորդումներ, ու անվերադարձ չքանան սպանութիւններու, վախի եւ անապահովութեան պատկերները։