ՄԱՐԶԱՆՔԸ՝ 50-ԷՆ ՎԵՐ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱՐ
Մարզանքը կարեւոր է բոլոր տարիքի մարդոց, յատկապէս 50-էն վեր այրերու եւ կանանց համար։
Կանանց պարագային մարզանքը հետեւեալ օգտակարութիւնը ունի.

–Կ’օգնէ նիհարնալու։ Որոշ տարիքէ մը ետք, կանայք իրենց մկաններու ծաւալը կը կորսնցնեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ գիրութեան եւ ցաւերու։ Հետեւաբար մարզանքը, նոյնիսկ օրական կէս ժամ քալելը, առաջքը կ’առնեն գիրութեան եւ զերծ կը պահեն ցաւերէ։
–Կը պաշտպանէ կուրծքի քաղցկեղէն։ Որոշ տարիքէ մը վերջ, մարզանքը գիրութիւնը կանխելով կը պաշտպանէ կինը կուրծքի քաղցկեղէն։
–Կը զօրացնէ ոսկորները։ Մարզանքը կը զօրացնէ ոսկորները, հետեւաբար կ’ուշացնէ անոնց մաշեցումը եւ կը կանխէ ոսկորներու փտածութիւնը՝ ձեր ոսկորները ամուր պահելով եւ զանոնք շրջապատող մկանները զօրացնելով։
–Կը պաշտպանէ շարք մը հիւանդութիւններէ։ 50-էն վերջ շարք մը հիւանդութիւններ գլուխ կը ցցեն, անոնցմէ ձերբազատելու կամ կարգ մը հիւանդութիւններ կանխելու համար մարզանքի դիմեցէ՛ք։
–Կը բարելաւէ հոգեկան վիճակը։ Մարզանքը, յատկապէս բացօթեայ վայրերու կամ պարտէզներու մէջ եւ առաւօտեան վաղ ժամերու կատարուելու պարագային, կը բարելաւէ մարդուն հոգեվիճակը, որովհետեւ մարզանքի ընթացքին շնչառութիւնը յաւելեալ թթուածին կ’ապահովէ մարմինին, իսկ արեւը D կենսանիւթ կը հայթայթէ անոր։ Վերջինս իր կարգին կը նպաստէ տրամադրութեան բարձրացման։
–Կը կարգաւորէ ձեր ջղային համակարգին աշխատանքը։ Մարզանքը կը կարգաւորէ ջղային համակարգին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ քունը։ Ան կը նուազեցնէ նաեւ արեան ճնշումը եւ կը մեղմացնէ մարդուն ճնշուածութիւնը։
Խորհուրդներ Մարզանքի Համար
– Քալել ընկերովի, որպէսզի մարզանքը զզուելի չդառնայ, այլ հաճելի զբաղումի մը վերածուի։
-Նախընտրելի է բացօթեայ վայրերու մէջ մարզանք ընել։
-Շաբթուան ընթացքին մարզուելու ժամերը բաժնել քալելու, մկանային մարզանքի, չափական, հաւասարակշռութեան պահպանման եւ այլ մարզաձեւերու, որպէսզի մարմնի բոլոր մկանները օգտուին անոնցմէ։
-Շատ չծանրաբեռնել մարմինը, որպէսզի մարզանքը յոգնեցուցիչ պարտադրանքի չվերածուի։
-Մարզանքին չափ ալ օգտակար կը համարուին լողալը եւ պարտէզի բոյսերը խնամելը։
Շատ կարեւոր է հետեւողականութիւնը, որպէսզի մարմինը աստիճանաբար մարզուի ու ճկունութիւն ձեռք բերէ։
***
ՄԵՐ ԽՈՀԱՆՈՑԸ ՍԻՍԵՌՈՎ ԱՂՑԱՆ
Բաղադրութիւն

2 գաւաթ խաշած սիսեռ
2 գաւաթ լուսնաձեւ մանրուած սոխ
1 ապուրի դգալ ծեծուած սխտոր
1 գաւաթ շերտերու վերածուած կարմիր պղպեղ
1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
1/2 գաւաթ մանր լոլիկ (չերրի)
1/2 կապ մանրուած ազատքեղ
1/4 գաւաթ ձիթաիւղ
Քիմոն, սումախ, աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ։
Պատրաստութիւն
Խաշած սիսեռը համեմել աղով, կարմիր եւ սեւ պղպեղով, աւելցնել քիչ մը ձիթաիւղ եւ տեղադրել մոմուած թուղթով ծածկուած մեծ ափսէի մը մէջ ու փուռը եփել մինչեւ որ վարդագոյն ըլլայ։
Մարմանդ կրակի վրայ տապակի մը մէջ քիչ մը ձէթով թմրեցնել սոխն ու կարմիր շերտուած պղպեղը։ Ապա խառնուրդը աւելցնել փուռէն հանուած ու խորունկ պնակի մը մէջ պարպուած սիսեռին վրայ, աւելցնել սխտորն ու համեմները եւ մանր լոլիկը, ապա նաեւ ազատքեղը եւ ձիթաիւղը։ Աւարտին աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ խառնել։
Բարի ախորժակ։