Թիրանայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան:
Աւելի ուշ, հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով:
Ատրպէյճանական կողմը եւս հաղորդեց, որ Փաշինեան ու Ալիեւ զրոյց ունեցած են:
Հայաստանի վարչապետը դիմատետրի իր էջին վրայ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անձայն տեսանիւթ հրապարակեց:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն յայտնեցին, որ երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի համաձայնեցումը: Կողմերը քննարկած են ընթացիկ վիճակը եւ կարեւոր նկատած համաձայնագիրի ստորագրման հոլովոյթի շարունակութիւնը: