Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Կայա Կալլաս հաստատեց, որ Եւրոմիութիւնը Երեքշաբթի, 20 Մայիսին որոշեց չեղարկել Սուրիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցները։ «Այսօր որոշեցինք չեղարկել Սուրիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցները», գրած է Կալլաս Twitter-ի իր միքրոպլոկին վրայ։
«Կը միտինք օգնել սուրիացիներուն՝ կառուցելու նոր, ներառական և խաղաղ Սուրիա», աւելցուցած է ան՝ յայտնելով, որ «Եւրոմիութիւնը վերջին 14 տարիներուն եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ սուրիացիներուն կողքին»: