Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Երեւան։
Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին օդակայանին մէջ դիմաւորած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Լաւրով 21 Մայիսին հանդիպումներ կ’ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։