Հայկական վարժարանները բոլորեցին 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանը։ Դեկտեմբերին երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք, երբ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ, կարճ շրջան մը վարժարանները փակ մնացին, մինչեւ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ապահովական իրավիճակի կայունացումը, որ իւրաքանչիւր նահանգի պարագային տարբեր ժամանակահատուածի մէջ եղաւ։
Երբ ուսումնառութիւնը կարճ ընդհատումէ մը ետք վերսկսաւ, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ուսումնական պետական ծրագրերուն մէջ փոփոխութիւններու հաւանակութեան մասին տեղեկութիւն մը։ Ի դէպ, Սուրիոյ բոլոր, ներառեալ հայկական, վարժարանները կ’օգտագործեն Կրթութեան Նախարարութեան որդեգրած ուսումնական ծրագիրը։ Հայկական վարժարաններէն ներս, 1960-ական թուականներէն ի վեր կրօնագիտութեան կողքին կը դասաւանդուի նաեւ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, որպէս ծիսական լեզու։
 Այդ օրերուն մտահոգութիւններ հնչեցին, թէ արդեօ՞ք հայկական վարժարաններուն մէջ այլ սահմանափակումներ տեղի պիտի ունենան…
Սակայն շուտով յստակ դարձաւ, որ ուսումնական ծրագրերու փոփոխութիւններու շրջագիծին մէջ թելադրուած է պարզապէս նախկին վարչակարգը յիշեցնող նիւթեր զանց առնել դասանիւթերէն եւ քաղաքացիական կրթութիւն առարկան չեղեալ համարել։
Դասաւանդման այլ կրճատումներ տեղի չունեցան, հայկական վարժարանները շարունակեցին իրենց ընթացքը բնականոն կերպով։  Վարժարաններէն ներս շարունակուեցան յիշատակուիլ ազգային եւ եկեղեցական տօները։ Հայկական վարժարանները մասնակցեցան նաեւ միջդպրոցական զանազան մրցումներու, Հալէպի ազգային եւ համայնքային վարժարաններու ուսուցիչներ մասնակցեցան նաեւ վերապատրաստման տարբեր դասընթացքներու։
Տարին հասաւ իր աւարտին։ Տարուան հիմնական դժուարութիւնները տնտեսական հարցերն ու ուսուցիչ-մարդուժի տագնապն էին։ Տնտեսական դժուարութիւնները մասամբ յաղթահարուեցան շնորհիւ խնամակալ մարմիններու եւ հոգեւոր պետերու աշխատանքին։ Մինչ ուսուցիչ-մարդուժի, յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, պատրաստութեան հարցը թէեւ խորհրդաժողովներու նիւթ դարձաւ, սակայն գործնական ծրագրի ու համապատասխան լուծման չարժանացաւ։
Յառաջիկայ ուսումնական տարիներուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներու տագնապը մեղմացնելու եւ արդիւնքի հասնելու համար անհրաժեշտ է սերտուած ամբողջական ծրագիր մը մշակել կրթական մեր մարմիններուն հետապնդումով՝ մասնագէտներ աշխատանքի հրաւիրելով եւ ուսուցիչներ պատրաստելով։
Թէեւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը հայերէնաւանդ ուսուցիչներու պատրաստման իր առաքելութեան մէջ բարերար դեր կ’ունենայ, սակայն տագնապը լուծելու համար անհրաժեշտ են նաեւ կարճաժամկէտ այնպիսի ծրագրեր, որոնք մասնագիտական նոր որակի ստեղծման կրնան ծառայել, մասնակիցներու լայն ցանց մը ապահովել  եւ գրաւիչ դարձնել ուսուցչութեան ասպարէզը։
Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ մասնագէտներ չեն պակսիր, կը մնայ ծրագրել ու գործի անցնիլ, որպէսզի հայ դպրոցի ապագան ամուր հիմերու վրայ հաստատուի եւ անոր առաքելութիւնը անշեղօրէն պահպանուի։