Քայլեր կը ձեռնարկուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Շրջանին մէջ ստեղծուած են խաղաղութեան համար շատ բարենպաստ պայմաններ: Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկած է նոր սթաթիւս քուօ եւ նոր իրականութիւն:
«Եւ այս սթաթիւս քուօն հիմնուած է ոչ թէ բռնագրաւումի, ոչ թէ յարձակումի վրայ, այլ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, օրինականութեան եւ այդ օրինականութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու վրայ:
«Պաքուն հայկական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը: Ասիկա վառ ապացոյց է այն բանին, թէ Ատրպէյճանը որքանո՛վ հաւատարիմ է շրջանային խաղաղութեան օրակարգին, որքանո՛վ կ’աջակցի ատոր:
«Դրական կողմը այն է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը համաձայնեցուած է: Սակայն կան բաց հարցեր, որոնք Հայաստանի հետ համաձայնեցուած չեն: Որպէսզի մենք կարենանք կայուն, վերջնական խաղաղութեան հասնիլ շրջանին մէջ, պէտք է վերջ տալ Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններուն՝ սահմանադրական հիմերով:
«Սակայն գոհունակութեամբ կրնանք ըսել, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր շրջանին մէջ խաղաղութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են: Այսօր շրջանին մէջ իսկապէս խաղաղութիւն, կայունութիւն կը տիրէ: Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի ատիկա իրաւաբանօրէն ձեւակերպուի, որպէսզի շրջանին մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի», ըսած է Հաճիեւ: