Հայաստան Կիպրոսին առաջարկած է գործակցութեան աստիճանը բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու իր կարգին դրական պատասխանած է այս առաջարկին:
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
Սիմոնեան յայտնած է, որ Տիմիթրիուի հետ հանդիպման քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու առնչուող հարցեր:
Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու գործակցութիւնը տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ եւս:
Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, որ Տիմիթրիու միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի ամենալաւ ընկերներէն է: