«ՀԱՊԿ-ը յոյս ունի, որ Երեւանն ու Պաքուն մօտ ապագային կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը», Երկուշաբթի, 19 Մայիսին, Պիշքեքի մէջ սկսած ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի հերթական նիստի ընթացքին յայտարարած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով:
«Կովկասի մէջ որոշակի դրական շարժումներ կը նկատուին: Ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յայտարարութիւնն է բանակցութիւններու աւարտի եւ միջպետական փաստաթուղթի համաձայնեցման մասին:
«Յոյսով ենք, որ փաստաթուղթը շուտափոյթ կերպով կը ստորագրուի, իսկ ատոր կեանքի կոչումը յուսալի ճամբայ պիտի հարթէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար», յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: