Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի եւ Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Այման աս-Սաֆատի ստորագրեցին փոխըմբռնումի յուշագիր՝ յառաջացնելով համակարգման գերագոյն խորհուրդ մը, որ ծրագրուած էր ստեղծել 17 Ապրիլ 2025-ին, աս-Սաֆատիի Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին։ Խորհուրդը Երեքշաբթի, 20 Մայիսին, Դամասկոսի մէջ գումարեց իր առաջին նիստը, երկու արտաքին գործոց նախարարներու նախագահութեամբ։ Նիստին կը մասնակցէին նաեւ Սուրիոյ տնտեսութեան  եւ ճարտարարուեստի նախարար Մուհամմետ աշ-Շաար, կենսուժի նախարար Մուհամմետ ալ-Պաշիր, փոխադրութեան նախարար Եաարոպ Պատր եւ անոնց յորդանանցի գործընկերները։
Արտաքին գործոց երկու նախարարները վերահաստատեցին աշխուժօրէն գործակցելու իրենց յանձնառութիւնը՝ արտացոլացնելով երկու երկիրներու պատմական յարաբերութիւնները եւ անոնց զարգացման ուղիները։ Քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու զարգացման ուղիները, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնը՝ նպաստելու Սուրիոյ վերակառուցման եւ անցումային փուլի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման: Համակարգող գերագոյն խորհուրդի առաջին նիստին, նախարարները համաձայնեցան ճանապարհային քարտէզի մը շուրջ, որ կը միտի իրականացնել կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակներ՝ ծառայելու երկու բարեկամ երկիրներու ընդհանուր շահերուն եւ օգտակար դառնալու անոնց ժողովուրդներուն:
Ջրապաշարներու ոլորտին գծով, ճանապարհային քարտէզը կը կարեւորէր 1987-ի «Եարմուք» գետին առնչուող ներդրումային համաձայնագրի վերանայումը եւ անոր յօդուածներու բարեփոխումը, որպէսզի ջրային պաշարներու օգտագործման երկու երկիրներու իրաւունքները պահպանուին:
Կենսուժի նախարարները քննարկեցին Յորդանանի միջոցով Սուրիոյ բնական կազ մատակարարելու նախագիծերը, ելեկտրականութեան ոլորտի գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ վերականգնուող կենսուժի օգտագործման Յորդանանի փորձառութիւնը: Կողմերը համաձայնեցան յառաջիկայ Յուլիսին երկրորդ հանդիպում մը կազմակերպել, ապա թեքնիք աշխատանքներու ձեռնարկել։