ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները 60 – 64 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Հուրիէն: Խումբը Կիրակի օր դարձի փուլի առաջին մրցումին մրցակից ունեցաւ Հալէպի Ահլին, որուն հետ խաղի աւարտին մէկ կէտի տարբերութեամբ պարտուեցաւ՝ 61 – 62 արդիւնքով: 

-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց 62 – 69 արդիւնքով, պարտութեան մատնելով Ճալաաը: Դարձի փուլը սկսելով, ՀՄԸՄ-ի կազմը կրկին մրցակից ունեցաւ Ահլին եւ խաղի աւարտին 60 – 80 արդիւնքով պարտութիւն կրեց:
-Քաթար 2027-ի պասքեթի համաշխարհային պասքեթի զտման մրցումներու խմբաւորման արդիւնքով, Սուրիոյ հաւաքականը մաս կազմեց երրորդ խմբակին։ Սուրիական խումբին ընկերակցեցան Յորդանանը, Իրանն ու Իրաքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՆՈՐԵԿ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը յայտարարեց, որ համաձայնութեան հասած է Սպանիոյ հաւաքականի 20-ամեայ պաշտպան Տին Հոյսընի հետ եւ ան մօտ օրէն պիտի տեղափոխուի անգլիական Պորթմոնտ ակումբէն: Արքայական ակումբը 5 տարուան պայմանագրութիւն կնքած է Տին Հոյսընի հետ, որ Ռէալին պիտի միանայ 1 Յունիսին։ Ան հանդէս եկած է նաեւ Իտալական Ժուվէնթուսի եւ Ռոմայի խումբերուն հետ: Ոչ-պաշտօնական տուեալներով՝ փոխադրութեան գումարը որոշուած է 50 միլիոն եւրո: Անգլիոյ ընթացիկ առաջնութեան, Տին Հոյսըն մասնակցած է 30 հանդիպման, նշանակած է 3 կոլ, կատարած 1 կոլային փոխանցում: Տինի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2030:
ՔՐԻՍԹԱԼ ՓԱԼԱՍ ԱՆԳԼԻՈՅ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ
Լոնտոնի Քրիսթալ Փալասը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցաւ նուաճել Անգլիոյ գաւաթը՝ Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մանչեսթըր Սիթին: 16-րդ վայրկեանին, Անգլիոյ հաւաքականը ներկայացնող նիճերիացի կիսապաշտպան Էպերեչի Էզէ նշանակեց յաղթանակի միակ կոլը: 36-րդ վայրկեանին, Մանչեսթըր Սիթին ստացաւ տուգանային հարուածի իրաւունք, սակայն եգիպտացի կիսապաշտպան Օմար Մարմուշ չկրցաւ զայն արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել։ 1905 թուականին հիմնուած Քրիսթալ Փալաս առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Անգլիոյ գաւաթակիր:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան