ՎԵՑ ՄԻՋՈՑ՝ 
ՀԱՆԳԻՍՏ ՔՈՒՆ ՎԱՅԵԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Քունը առողջութեան եւ հորմոններու հաւասարակշռութեան կարեւոր ազդակներէն մէկը կը համարուի։ Բնականաբար բոլորս ալ ունինք ընտանեկան կամ աշխատանքի առնչուող մտահոգութիւններ, որոնք երբեմն կը տագնապեցնեն մեզ եւ թոյլ չեն տար, որ հանգիստ ու խորունկ քուն մը վայելենք օրուան աւարտին։ Երբեմն պարզ միջոցներ կարելի է որդեգրել լարուածութենէ զերծ մնալու եւ հանգիստ քնանալու համար։ Միջին տարիքի մարդիկ պէտք է օրական 6-8 ժամ քնանան, այլապէս ամբողջ օրը տագնապալի վիճակ մը կ’ունենան։
Հանգիստ քնանալու համար կարելի է որդեգրել ստորեւ յիշուած վեց միջոցները.
1- Ամէն գիշեր նոյն ժամուն քնանալ։  Եթէ ձեր քունի եւ զարթնումի ժամերը նոյնը պահէք ամէն օր, նոյնիսկ արձակուրդի օրերուն, մարմինը  կը վարժուի նոյն ժամուն թմրելու եւ դուք ինքնաբերաբար կը քնանաք նոյն ժամուն։ Եթէ մերթ ընդ մերթ դժուարանաք նոյն ժամուն քունի անցնելու, գիրք մը կարդացէ՛ք, հանդարտեցնող երաժշտութիւն մը ունկնդրեցէ՛ք, շնչառութեան փորձ ըրէ՛ք քանի մը անգամ, որպէսզի թմրիք եւ աստիճանաբար քունի անցնիք։
2- Ուշադիր եղէ՛ք ձեր սնունդին եւ ըմպելիներուն։ Պէտք չէ քնանալու պատրաստուիլ անօթի վիճակով, որովհետեւ անօթութիւնը կրնայ խանգարել քունը եւ արթուն պահել ձեզ երկար ատեն։ Միաժամանակ, սակայն, սխալ է իւղոտ եւ մեծաքանակ ուտեստով սնանիլ՝ քնանալէն անմիջապէս առաջ։ Ընթրեցէ՛ք քնանալէն գէթ չորս ժամ առաջ, թեթեւ սնունդ ընդունելով եւ ստամոքսը կուշտ պահելով։
Զգուշացէ՛ք քնանալէն առաջ աշխուժացնող խմիչքներէ, սուրճի կամ թէյի տեսակներէ, նոյնիսկ Սի կենսանիւթ պարունակող օշարակներէ։
3- Հանգիստ մթնոլորտ ստեղծեցէ՛ք քնանալէ առաջ։ Ննջասենեակը պէտք է պահել օդասուն, հանդարտ եւ մութ։ Լոյսը, նոյնիսկ պատկերասփիւռի կամ բջջայինի ճառագայթները կը դժուարացնեն քունը։ Ննջասենեակը զով պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենաք հանգիստ քնանալ։ Ուստի անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործեցէ՛ք հովահար կամ այլ օդափոխիչներ, եթէ սենեակի ջերմաստիճանը բարձր է։ Քնանալէ առաջ լոգանքը եւս կը զովացնէ մարմինը եւ կը նպաստէ հանգիստ քունին։
4- Ցերեկը զերծ պահեցէ՛ք դուք ձեզ թեթեւ քունէն։ Երբեմն ցերեկը կամ երեկոյեան թեթեւ քունի անցնիլն անգամ կը դժուարացնէ գիշերուան քունը։ Ուստի հնարաւորինս խուսափեցէ՛ք ցերեկային մրափէն։
5- Հետեւեցէ՛ք մարզանքի։ Մարզանքը կը բարելաւէ գիշերուան քունը, պայմանաւ որ քնանալէ առաջ չըլլայ, այլ առաւօտեան վաղ ժամերուն, բնութեան մէջ։ Կարելի է նաեւ երեկոյեան մարզանք կիրարկել, ոչ թէ քնանալէ անմիջապէս կամ ժամ մը առաջ։
6- Աշխատեցէ՛ք տիրապետել ձեր մտահոգութիւններուն կամ վախերուն։ Փորձեցէ՛ք նախքան քնանալը տիրապետել ձեր վախերուն, տագնապներուն, դրական յոյզերով պատելով դուք ձեզ եւ տագնապներու լուծումները առաւօտեան ժամերուն վերապահելով։ Նախքան քնանալը փորձեցէ՛ք չմտածել ձեր տագնապներուն մասին, փոխարէնը ջանացէ՛ք պարպել միտքը, աղօթել, երաժշտութիւն ունկնդրել եւ խորունկ շնչառութեամբ հանգստանալ, որպէսզի շուտ քունի անցնիք։