ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, մեծարելով հայ մայրերը, այս տարի եւս արժանաւոր կերպով յիշատակեց Մայրերու տօնը Շաբաթ,17 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 11:00-ին,Դամասկոսի «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեան, ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ խաչուհիներ։
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վարկեան յոտընկայս յարգեցին անմահացած խաչուհիներուն յիշատակը։
Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Սօսի Քիւրտեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ լուսարձակի տակ առաւ հայ կնոջ եւ հայ մօր ինքնութիւնն ու կարեւորութիւնը հայկական մշակոյթին եւ ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ։
Ապա շնորհաւորեց հայ մայրերը՝ ջերմութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշերը, բանաստեղծին բառերով «Խաս Ձեռքերը», մաղթելով որ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ անոնց կեանքի օրերը աւելի լուսաւոր ըլլան։
Այնուհետեւ Քիւրտեան հերթաբար հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։
Արդարեւ, Մարի Յովսէփեան մեներգեց «Իմ Անոյշ Մայրիկ» եւ «Հայրենիքէս Հեռացել Եմ»-ը։
Յաջորդաբար Փունջ մը բանաստեղծութիւններ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Մարինա Պուրունսուզեան։
Ապա երաժշտական կատարումով հանդէս եկաւ Ռիթա Աւագեան (դաշնամուր) «Ով Սիրուն, Սիրուն» ստեղծագործութիւնը նուագելով։
Օրուան խորհուրդը ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ Սիլվա Գորէսեան, շեշտելով
հայ մօր դերը միութեան եւ ընտանիքին մէջ։
Ապա յայտնեց, որ ՍՕ Խաչ-ի վարչութիւնը Մայրերու տօնին առիթով այս սրահէն ներս սիրով ու յարգանքով ընդունեց բոլոր մայրերը, հիւրերը եւ միութեան անդամները՝ գարնանային գեղեցիկ մթնոլորտի ներքոյ։
Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ի պատիւ բոլոր այն մայրերուն, որոնք անշահախնդիր նուիրումով կը ծառայեն իրենց ընտանիքներուն եւ համայնքին։
Բանախօսը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Մայրերու տօնը միայն տօնախմբութիւն չէ, այլ ազգային, բարոյական ու զգացական խոր արժէք մը՝ գնահատելով մայրերու զոհողութիւնն ու դերը ընտանիքի, սերունդներու եւ համայնքի կերտման մէջ։ ՍՕ Խաչը շարունակած է տարիներու ընթացքին այս աւանդութիւնը՝ ի վկայութիւն իգական սեռին նկատմամբ իր յարգանքին ու երախտագիտութեան։
«Այսօր, այս տօնախմբութեան առիթով հաւաքուած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու հայ մօր։ Մօր, որ լռակեաց ուժ է, լոյսի պէս ներկայ եւ աղօթքի պէս մաքուր։ Թէկուզ այս օրը միայն մէկն է տարուան 365 օրերէն, սակայն հայ մօր նուիրումը օրացոյց չունի։
Ամէն օր, ամէն ժամ, ան մեր կեանքն է։
Յաւերժ փառք եւ խորին երախտագիտութիւն բոլոր մայրերուն՝ կենդանի թէ անմահացած։
Մօր շուքին մենք կանք, անոր զաւակներով ազգը կը կերտուի եւ կ’ունենայ տիպար քաղաքացիներ, լաւ ընտանիք, հոգեւոր հայրեր եւ դեսպաններ, նուիրեալ սպաներ եւ զինուորականներ, ապա հզօր բանակ ու երիտասարդ նոր սերունդներ, ինչպէս բանաստեղծը կ’ըսէ.
Մարս այստեղ է`
Ուր ծնուեց հոգիս
Արիւն այնտեղ է`
Ուր շողաց մօրս
աչքը
Մայրերու տօնը ձեր տօնն է, եւ այսօրուան յատուկ պահերը նուիրուած են ձեզի։
Մաղթենք որ ձեր օրերը միշտ լուսաւոր ըլլան, ձեր սիրտը՝ լեցուն խաղաղութեամբ եւ ձեր հոգիները՝ միշտ հպարտ սերունդներով: Շնորհաւոր ձեր մայրերու տօնը», ըսելով ատենապետուհին եզրափակեց իր խօսքը։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեան եւ մասնաճիւղի ատենապետուհիին ձեռամբ յուշանուէրներով գնահատուեցան ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի 1995 տարեշրջանին անդամագրուած վաստակաւոր հետեւեալ խաչուհիները, որոնք 30 տարի շարունակ ծառայած են ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս.
Ռինա Ղազարեան
Թալին Ալթունեան
Լենա Գոզանեան
Ապա նորագիր անդամուհիները կատարեցին երդման արարողութիւն կնքամայրութեամբ Սիրվարդ Սիմոնեանի, որ իր կարգին նորագիրները յորդորեց հաւատարմութեամբ ծառայել՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց միութեան առաքելութեան իրագործման ճանապարհին։
Այնուհետեւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեան ուղղեց Շրջանային Վարչութեան խօսքը։
Ան շնորհաւորեց ջերմութեան, սիրոյ, անձնազոհութեան եւ ինքնասիրութեան խորհրդանիշ հայ մայրերը։
Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Այսօր ՀՕՄ-ը կը բոլորէ իր 115-ամեակը: Դար մը ամբողջ ան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր նշանաբանին՝ ծառայելու հայ ժողովուրդին։
115 տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ը մշակած եւ իրագործած է բազմաթիւ ծրագիրներ։ Ուստի, գնահատենք կտակը մեր հիմնադիր սերունդին, որուն արիութիւնն ու տեսիլքը ընթացք տուին հարիւր տարի առաջ մեկնարկած մեր երթին»։
Եզրափակելով իր խօսքը, ան գնահատեց «Էրեբունի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն անշահախնդիր եւ կամաւոր աշխատանքը, յայտնելով որ նման աշխատանք, շնորհիւ մասնաճիւղի գոյութեան, կ՚արդիւնաւորուի տարիներէ ի վեր եւ կ’ոգեշնչէ շրջապատը։ Ապա մասնաճիւղին մաղթեց աննահանջ երթ եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն։
Հուսկ տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակին հատումը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՍՕ Խ-ի քայլերգով։