Սուրիոյ Հանրապետութիւնը ողջունեց ԱՄՆ-ի կառավարութեան Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման որոշումը։ Պատժամիջոցներու չեղարկման որոշումը կ՚ընդգրկէ «Կայսեր» օրէնքը, որ դրական քայլ կը նկատուի Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու եւ տնտեսութիւնը բարելաւելու գծով։

Այս առիթով, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագութեամբ շեշտեց, որ Սուրիա գործակցութեան ձեռք կ’երկարէ բոլոր գործակից կողմերուն, որոնք կ՚առաջնորդուին փոխյարգանքի եւ երկրի ներքին գործերուն չմիջամտելու գաղափարներով, աւելցնելով որ. «Սուրիա կը հաւատայ, որ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը լաւագոյն միջոցներն են հաւասարակշռուած պետութիւն մը հիմնելու եւ տարածաշրջանին խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար»։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիա իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ իրեն հանդէպ զօրակցութիւն յայտնող բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, շեշտելով, որ յառաջիկայ փուլը վերականգնումի փուլ պիտի ըլլայ եւ Սուրիա իր նախկին փայլուն դիրքը պիտի վերականգնէ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներով։