Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-ամեակին առիթով, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս մեծարգոյ տիար Արա Աւետիսեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական տիար Դաւիթ Թադէոսեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Հանրապետական մաղթանք կատարեց եւ Սուրբ Խաչով օրհնեց Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ:
Ներկաները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։
Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն նահատակուած հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։