Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 107-ամեակին առիթով Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն կատարուեցաւ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քուրումեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Ժագ Գազէզեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանրապետական Մաղթանք կատարեց, ապա ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու կողմէ ձեռամբարձ խորան բերուած ՀՀ եռագոյն դրօշը օրհնեց։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով «Բարի Հովիւ» աւետարանական հատուածը, որուն ընդմէջէն ան լուսարձակի տակ առաւ հովիւ-հօտ յարաբերութիւնը։ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով մեր պատմութեան անկիւնադարձային մէկ հանգրուանին՝ 28 Մայիս 1918-ին կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան, վեր առաւ հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքերը ընծայաբերած նահատակներուն արիութիւնը։ Ան մաղթեց, որ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգին շարունակէ մշտարծարծ մնալ իւրաքանչիւր հայու հոգիին եւ սրտին մէջ, եւ աստուածային ողորմութեամբ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը առաւել պայծառանայ։
Աւարտին, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Հայաստանի Ա. Անկախութեան կերտումին համար իրենց կեանքերը նուիրաբերած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Քեսապի գիւղապետ Ուսամա Ճուսիի հետ, «Սահակեան» սրահէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հոգեշնորհ հայր սուրբերը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գեր. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Ժագ Գազէզեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան, թաղապետները եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը։
Հանդիպումին արծարծուեցաւ Քեսապի ներկայ իրավիճակը եւ համագործակցութեան ոգիով ապագայի նկատմամբ տնտեսական բարւօք ընթացքի յոյս յայտնուեցաւ։