Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կ’ուղեկցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըկոթինյին:
Նախարարները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին առջեւ: