Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Կիրակի եւ Երկուշաբթի 25 եւ 26 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սաղմոս» երգչախումբը հոգեւոր երկու համերգներով շարականներու եւ աղօթքներու փունջ մը հրամցուց՝ հոգեպարար պահեր ստեղծելով։

Երգչախումբը հանդէս եկաւ 16 շարականներով, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանի, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, Ազգ․ Վարչութեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու տնօրէններ, հոգաբարձական կազմեր եւ հաւատացեալներու պատկառելի թիւ մը։

Համերգը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Չուալերթանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով. «Մեր եկեղեցւոյ շարականները Աստուծոյ շնորհքն են, որոնք մեզի նուիրուած են, որպէսզի մեր կեանքին մէջ անոնց փոխանցած խորհուրդներով գործենք ու արարենք։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը քարեղէն շէնքէն անդին՝ հոգեւոր շէնք կառուցելն է, հոգեւոր մարդը կերտելն է: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այս առաքելութիւնը կրողն ու պահողն է, ինչպէս որ աւանդուած է մեր նախնիներուն կողմէ, որպէս հոգեւոր մշակոյթ»։ Ապա ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հայրական հովանաւորութեան համար, այնուհետեւ եկեղեցւոյս Թաղական Խորհուրդին, խմբավար, մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ դաշնակահար Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանին։
Ապա Արժ. Տէր Մաշտոց Աւ. Քահանայ Արապաթլեան ներկայացուց երգչախումբը, անոր հիմնադրութեան եւ համերգներուն անդրադառնալով։
Համերգներուն յայտագիրը կ՚ընդգրկէր՝

Հատուածներ Կոմիտասեան Պատարագէն,
1. «Խորհուրդ Խորին»
2. «Մարմին Տէրունական»
3. «Քրիստոս ի մէջ»
4. «Տէր ողորմեա»
5. «Գոհանամք»
Մեներգ՝ Գէորգ Սեմէրճեան։
6. «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս»
Երժ. Դաւիթ Հալլաճեան
7. «Ետեւէս եկո՛ւր»
Երժ. Շահան Ռ. Պէրպէրեան, մեներգ՝ Գրիգոր Տէր Վարդանեան
8. «Խաչը»
Երժ. Շահան Ռ. Պէրպէրեան, մեներգ Քրիստ Դաւիթեան
9. «Առաւօտ լուսաբեր»
Կոմիտաս վարդապետ
10. «Տարածեալ»
Երգ եւ երժ. Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ
11. «Սիրտ իմ սասանի»
Կոմիտաս վարդապետ
12. «Գովեա Երուսաղեմ», Կոմիտաս վարդապետ
13. «էջմիածին ի Հօրէ», երժ. Խորէն Մէյխանաճեան
14. «Համբարձաւ Տէրն մեր յերկինս», երգ եւ երժ. Ս. Ներսէս Լամբրոնացի
15. «Փրկուած մեղաւորին փառաբանանքը»
խօսք եւ երժ. Մակար Արք. Աշգարեան
16. «Փառք քեզ, Աստուած»
Երժ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։

Յայտագիրը մեծամասնութեամբ հնչեց քառաձայն երգեցողութեամբ, երբեմն ալ աքապելլա կատարումով։

Ակներեւ էր խումբին ներդաշնակ կատարումը։

Տէր Մաշտոց Աւ. Քահանայ Արապաթլեան մերթ ընդ մերթ «Նարեկ»-էն մէջբերումներով հարստացուց երեկոները։

Համերգի աւարտին սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով գնահատեց երգչախումբի ելոյթը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, ողջունելով եկեղեցւոյս Թաղական Խորհուրդը եւ համերգը կազմակերպող մարմինը, խմբավարը, դաշնակահարը եւ երգչախումբի անդամները՝ նորանոր յաջողութիւն մաղթելով երգչախումբին, կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին, որ շարականներ եւ Սաղմոս երգելով միշտ փառք տայ Աստուծոյ՝ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ։

Համերգները «Պահպանիչ» աղօթքով փակուեցան, Մակար սրբազան մաղթեց, որ նման նախաձեռնութիւններ յաճախակի դառնան։

Աւարտին եկեղեցւոյս դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ հիւրասիրութիւն։

Յովիկ Հապէշեան