ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներուն, ՀԵԸ-ի տղոց կազմը 90-58 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պննէշը:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներուն , ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը 67-76 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Հուրիէի կազմէն եւ դուրս մնաց 2024-2025 տարեշրջանի մրցաշարքէն, բաւարարուելով միայն մէկ յաղթանակով:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 61-57 արդիւնքով յաղթեցին Հուրիէին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼՈՒՔԱ ՄՈՏՐԻՉ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻՆ
Խրուաթիոյ հաւաքականի եւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի կիսապաշտպան Լուքա Մոտրիչ Շաբաթ, 24 Մայիսին կատարեց իր վեջին հանդիպումը Սպանիոյ մայրաքաղաքի արքայական խումբին հետ եւ հրաժեշտ տալով հեռացաւ կազմէն: Մոտրիչ 2012-ին միացաւ Ռէալին եւ անոր հետ արժանացաւ 28 տիտղոսներու: 39-ամեայ մարզիկը խումբին հետ 3 անգամ տիրացաւ Սպանիոյ ախոյեանութեան, 2 անգամ Սպանիոյ բաժակին, 5 անգամ՝ Սպանիոյ Սուփըրի գաւաթին, 4 անգամ՝ Եւրոպայի Սուփըրի գաւաթին, 6 անգամ՝ Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկին եւ 5 անգամ՝ համաշխարհային բաժակին։ Ռէալ Մատրիտին հետ խաղցած է 591 մրցում, նշանակելով 43 կոլ եւ դարձած է 95 կոլի փոխանցման հեղինակ: 1 անգամ արժանացած է ոսկի գնդակի:
ԳԱՐԼՈ ԱՆՉԵԼՈԹԻ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ
ՀԵՏ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ
Իտալացի մարզիչ Գարլո Անչելոթի դարձեալ կատարեց իր վերջին մրցումը Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտին հետ: Անչելոթի Ռէալին հետ արժանացած է բազմաթիւ տիտղոսներու եւ խումբին հետ բարձրացած է յաղթանակի ամպիոններ: Ան սպանական խումբը մարզած է երկու տարբեր շրջաններ, որոնցմէ առաջինը եղած է 2013-2015 տարեշրջանը, իսկ երկրորդը՝ 2021-էն մինչ օրս: Ան յաջողած է խումբին հետ տիրանալ Սպանիոյ ախոյեանութեան, Չեմփիընզ Լիկի, Սպանիոյ եւ Եւրոպայի Սուփըրի գաւաթներու, Սպանիոյ թագաւորի բաժակին եւ համաշխարհային ախոյեանութեան: