ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ
Համբարձման գիշեր, էն դիւթիչ գիշեր,
Կայ հրաշալի, երջանիկ վայրկեան.
Բացւում են ոսկի երկնքի դըռներ,
Ներքեւ պապանձում, լըռում ամէն բան,
Ու Աստուածային անհաս խորհըրդով
Լըցւում բովանդակ նրա սուրբ գըթով:
Էն վեհ վայրկեանին չըքնաղ գիշերի՝
Երկընքի անհո՜ւն, հեռու խորքերից,
Անմուրազ մեռած սիրահարների
Աստղերը թըռած իրար են գալիս,
Գալի՜ս՝ կարօտով մի հեղ համբուրւում
Աշխարհքից հեռոԷ՜ւ, լազուր կամարում:
Հայկական հին սովորութիւններու գեղեցիկ արտայայտութիւնն է Համբարձման տօնը, անոր երգերը, պարերը, բանաստեղծութիւնները եւ վիճակ քաշելու հանդէսը: Համբարձման տօնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկինք բարձրանալը՝ Ձիթենեաց լեռան վրայէն, Զատիկին յաջորդող 40-րդ օրը՝ Հինգշաբթին:
Վերոյիշեալ քանի մը տողերու մէջ բանաստեղծը ամփոփած է մեր դարերու Քրիստոնէական բնոյթ կրող, սակայն պատմական խոր արմատներ ունեցող հեթանոսական ժամանակներէ եկած Համբարձման տօնի խորհուրդը, որ կը կապուի Քրիստոսի Համբարձման խորհուրդին հետ: Թէ ի՛նչ կոչուած է այս տօնը Հեթանոսական շրջանին՝ չենք գիտեր, սակայն եղած է ժողովրդական բոլոր տօներու զարդը, որովհետեւ ամբողջապէս նուիրուած էր երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս պտղաբերութեան: Ան կը կատարուէր բնութեան գիրկը, մայիսեան ծաղկունքին մէջ:
Համբարձման գլխաւոր սովորութիւնը Ծաղկահաւաքն էր՝ ամէն ընտանիքի համար մէկական փունջ կազմելը՝ եօթ տեսակ ծաղիկներէ, սարէն ըլլայ թէ թաղէն, եօթներանգ փունջեր, որոնք երգելով կը կապէին սարի հարսերը:
Այս փունջերուն ամենամեծը, որ կը դրուէր սրբազան ջուրին մէջ, «Ծաղկամայր» անունը կը կրէր, խորհրդանշելով Աստղիկ եւ Անահիտ դիցուհիները։ Անահիտ՝ մայր դիցուհին բարերար մարդկանց, բնութեան, մայրն էր ամենայն զգաստութեան, շունչ եւ կեցուցիչն էր Հայոց Աշխարհին եւ խորհրդանիշը համեստութեան, լրջութեան եւ մանաւանդ Մայրութեան:
-Երկրորդ կարեւոր տարրը ջուրն էր։ Համբարձման նախորդող գիշերը կիներ եւ աղջիկներ, տղամարդոցմէ գաղտնի, անխօս կը շրջէին եւ եօթը աղբիւրներէ կը հաւաքէին ՓԱՐՋԻ սրբազան ջուրը եւ աւազահատիկները։ Այս բոլորը կը դրուէին բաց երկինքի աստղերու հովանիին տակ, որպէսզի պսակուին այդ տօնի խորհուրդով: Այդ գիշերը՝ Հրաշքի գիշերն էր. ծաղիկներն ու խոտերը իրարու հետ կը խօսէին ու կը պատմէին բուսական իրենց շնորհն ու գաղտնիքները:
Ծաղկամայրն ու Փարջի սրբազան հեղուկը նոյնպէս կապուած էին « Նարի» եւ « Աստղիկի» հետ: Իմաստը հետեւեալն էր կիներ պտղաբերելու համար Համբարձման լոյս Հինգշաբթի գիշերը գաղտնի լոգանք կ’առնէին, Աստղիկին նման, իսկ այդ գիշերուան ընթացքին աստղերու կարծեցեալ համբուրման ականատես տղամարդիկ կը կենակցէին, որ կանայք տղայ բերէին: Վիճակի Փարջը աստղունքի տակ դիւթական զօրութիւն կը ստանար եւ բախտորոշ շնորհքով կը լեցուէր:
Վիճակուորները գիւղական երդիքներէն վար կը ձգէին քաղած ծաղիկներէն փնջիկներ, կամ տունէ տուն կը բաժնէին զանոնք, փոխարէնը ժողուելով իրենց խրախճանքին համար իւղ, հաւկիթ, ալիւր եւ անուշեղէն, իսկ վիճակի համար մէյ-մէկ նշան, զոր կը ձգէին փարջին մէջ: Յաջորդ օրը գիւղացիները կը համախմբուէին, կարգ- կարգ կը նստէին մեծէն փոքր, մէջտեղը քօղաւոր վիճակի հարսը, վիճակին առջեւը, որ մատղաշ աղջնակ մըն է, անխօս ձեռքովը կը պահէ վիճակի փարջը եւ կը սպասէ:
Խոր լռութեան մէջ, ներկայ ամէնէն տարեց կինը կ’երգէ ուրախ կամ տխուր երգ մը, օրհնութիւն մը կամ գովասանք մը եւ վիճակը կը հանուի:
Վիճակի երգերու շարքը երկար է. Այս երգերը կը կոչուէին ՝ «Ջան Գիւլիւմ», « Հաբրբան», « Տարան-Տարան» անոնք մեր հոգեւոր աւանդութիւններն էին, մեզի ժառանգուած հին սերունդներէն:
Երբեմն երկու խումբ դէմ դէմի կ’երգէին փոխն ի փոխ, յաճախ մանչերու եւ աղջիկներու խումբեր իրար հետ կը մրցէին երգելով:
Համբարձումի պատմութիւնը հայ գրականութեան մէջ ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի Անուշ օփերայով, որուն երաժշտութեան հեղինակն է Արմէն Տիգրանեան: