Վերջին հրատարակուած գիրքէն մէկ շաբաթ չանցած, լոյսին կու գայ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հայացուցած յաջորդ գիրքը՝ Իուանիս Եպիսկոպոսի «Հոգեւոր Ըմբռնումներ»-ը՝ ի հետեւումն սրբազան հօր Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր գրականութեան անդաստանը հարստացնելու աշխոյժ թափին եւ հայ դպրութեան ընծայած հաւատքին։
30 Մայիսին հրատարակուած գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած են Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակունք, «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Հիմնադրամ»-ի միջոցով, ի յիշատակ Սաթիկի անթառամ եւ պայծառ հոգիին։
Կողքը, որ կը ներկայացնէ Ս. Եղիա Մարգարէի սրբապատկերը, գործն է սրբազան հօր եղբօր՝ Հոգշ. Տէր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի (Իտալիա):
Գիրքի նախաբանին մէջ Մակար սրբազան կը գրէ.
«Գոհութեամբ եւ երախտապարտ հոգիով փառք կու տամ Աստուծոյ իր անսահման բարիքներուն եւ շնորհքներուն Համար եւ բոլոր այն կարողութիւններուն՝ որոնցմով զարդարած ու գօտեպնդած է մեզ՝ մարդիկս, որպէսզի անոնցմով կարենանք այս կեանքը ապրիլ եւ աստուածային սպառազինութեամբ՝ զրահաւորուած՝ Պօղոս առաքեալի ըսածին համաձայն, բարի պատերազմը մղել եւ մեր կեանքի ընթացքը իր աւարտին հասցնել, միշտ մեր հաւատքը պահելով:
Բնականաբար պատերազմը որուն կ՚ակնարկենք հոգեւոր է եւ ոչ մարմնական: Այդ առումով ալ անհրաժեշտ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ամբողջական գիտակցութեամբ եւ լուրջ պատրաստուածութեամբ պատերազմի դաշտ մտնէ, այլապէս շատ դիւրութեամբ կրնայ վիրաւորուիլ եւ տկարանալ, այլ խօսքով` պարտուիլ:
Ներկայ կեանքի ընդհանուր պատկերը եւ իրողութիւնը մեծապէս շփոթեցուցիչ եւ հրապուրիչ են։ Եթէ քրիստոնէական իմաստով, անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը չունինք ու կարեւոր եւ սկզբունքային երեւոյթներու մասին նուազագոյն ծանօթութիւնն անգամ կը պակսի մեզի, ապա անխուսափելիօրէն ենթակայ պիտի ըլլանք չարին յարձակումներուն։ Չարին նպատակը մեզ շեղել է եւ գերի պահել է մարմնաւոր կիրքերուն ու ցանկութիւններուն, աշխարհի ժամանակաւոր փառքին ու պատիւին, հարստութեան եւ անոր հրապոյրներուն։ Այո՛, նպատակը զրկել է մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն, մերկացնելով աստուածային շնորհքներէն ու բարոյական արժէքներէն, հեռացնելով աստուածային ճշմարտութենէն եւ անմասն պահելով այն ըմբռնումներէն, զորս մարդը հաղորդ կը դարձնէ իրականութեան: Եթէ չարին նպատակը յաջողի, ապա անձը պիտի դատապարտուի հոգեւոր մերկութեան, աղքատութեան եւ անօթութեան։
Բնականաբար մեզմէ ոչ ոք պիտի ուզէ իր զաւակը այդ վիճակին մատնուած տեսնել։ Արդ, հեղինակը՝ Իուանիս Եպիսկոպոս, Ղպտի քոյր Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն (վախճանեալ), երիտասարդ սերունդով մտահոգ, յատկապէս համալսարանական ուսանողներով, իբրեւ Հոգեւոր ծնող՝ իր զաւակներուն անարատ եւ մաքուր կաթ ջամբելու նպատակով, պատրաստած է 4 հատորներէ բաղկացած աշխատանք մը, որ աւելի քան 40 տարիներ զայն դասաւանդած է համալսարանէն ներս, որպէս քրիստոնէական կրօնագիտութիւն, համալսարանական ուսանողներուն։
Հեղինակին նպատակը եղած է լուսաբանել, գօտեպնդել եւ հոգեբարոյապէս սպառազինել ուսանողները, որպէսզի կարենան դէմ դնել չարին: Նաեւ՝ ներկայ այլասերող, բարոյազրկող եւ Աստուծմէ հեռացնող համակարգին կողմէ ծաւալուող ծրագրուած կործանարար այս հոսանքին դէմ իրենց հոգեւոր պատերազմը մղեն, եւ ճշմարիտ հաւատքը պահելով՝ յաջողապէս կարենան իրենց ընթացքը աւարտել։
Չորս հատորները՝ մեծապէս օգտակար դարձած են հազարաւոր քրիստոնեայ երիտասարդներու` իրենց քրիստոնէական ուղին հետապնդելու գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան տարիք ունեցող հաւատացեալներու, եւ շատերու ալ ուղղութեան աղբիւր հանդիսացած են։
Նոյն մտահոգութենէն առաջնորդուած, համեստաբար նախաձեռնեցինք աշխատանքը հայացնելու գործին, եւ Աստուծոյ շնորհքով արդէն մէկ հատորը իր աւարտին հասած ըլլալով, ուրախութեամբ զայն մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու սեփականութիւնը կը դարձնենք։ Կը յուսանք որ աշխատանքը` իր դրական եւ օրհնաբեր ներդրումը կ’ունենայ ընթերցողին կեանքին մէջ, եւ զայն կ’առաջնորդէ շատ աւելի գիտակից կերպով քրիստոնէական իր կեանքը ապրելու նախանձախնդրութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ մանաւանդ հոգեւորի ամբողջական ըմբռնողութեամբ։
Այս հատորը, որ շարքին երկրորդը կը կազմէ, կը բացատրէ կարգ մը քրիստոնէական հոգեւոր ըմբռնումները, որոնք յաճախ սխալ հասկցուած են ու կը հասկցուին։ Գիրքը հարուստ է հայրաբանական մէջբերումներով եւ կը ներառնէ հետեւեալ գլխաւոր վերնագիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին կը բաժնուի զանազան ենթավերնագրերու: Այդ թեմաներն են` խոնարհութիւնը, հպարտութիւնը, պատիւը, հնազանդութեան կեանքն ու նեղ դուռը»։
Սրբազան հայրը ինչպէս նախորդ հրատարակութեան, այս գիրքի նախաբանին մէջ եւս երախտագիտութիւն կը յայտնէ Գերշ․ Տ․ Վարուժան Արք․ Հերկելեանին, աշխատանքի վերանայումն ու մանր սրբագրութիւնները կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնաՀատանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքին, որ սիրայօժար յանձն առաւ գիրքին մեկենասութիւնը:
Մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն հաւատքը զօրացնելու, քրիստոնէական ըմբռնումները պարզաբանելու եւ ուժ ու կորով ներշնչելու համար Մակար սրբազան կը դիմէ հայ գիրքին, անոր դերը լուսարձակի տակ կը պահէ մշտապէս, որպէսզի սրընթաց զարգացող մեր ժամանակներուն մէջ հայ երիտասարդը քրիստոնէական իմաստութեամբ գօտեպնդէ ու ընթերցումի անոր հետաքրքրութիւնը խթանէ։