Ուրբաթ, 31 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման եւ Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան վերջին օրուան առիթով։ Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, իսկ Ս. Խորանին սպասարկեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը։
Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար աղօթքներ արտասանելով եւ շարականներ երգելով, հաւատացեալները հայցեցին Աստուածամօր բարեխօսութիւնը:
Ս. եւ Անմահ Պատարագին ներկայ էին Ազգային Միացեալ վարժարանի Պրովէի եւ Պաքալորիայի աշակերտները, որոնք քննութիւններու նախօրեակին Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ հայր սուրբը: Ան դիտել տուաւ, որ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումը Փրկագործութեան մաս կը կազմէ, ինչպէս որ մեր Տէրը խոնարհեցաւ երկինքէն, ան դարձեալ բարձրացաւ երկինք եւ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը բազմեցապ։ Նաեւ Ս. Աստուածածինը տիպարն է մայրերուն եւ մեծագոյն բարեխօսն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։
Աւարտին, Ս. Յակոբ Եկեղեցասիրաց Յանձնախումբի տիկինները հիւրասիրութիւն մատուցեցին։