Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց զինուորական վարքագիծի եւ կարգապահութեան կանոններ, որոնց պարտին հետեւիլ բանակին բոլոր ծառայողները:
Համաձայն Պաշտպանութեան Նախարարութեան կանոնադրութեան, զինուորական ծառայողներուն հիմնական պարտականութիւնները հետեւեալներն են՝
-Պաշտպանել հայրենիքը եւ անոր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
-Ի հարկին զոհուիլ երկրին եւ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար:
-Տարաբնոյթ պայմաններու մէջ քաղաքացիները, յատկապէս կիները եւ երեխաները պաշտպանել:
-Յարգել եւ գործադրել զինուորական եւ քաղաքացիական օրէնքներն ու կանոնները:
-Պահպանել հանրային եւ սեփական կալուածները։
-Քաղաքացիներուն հետ յարգանքով վարուիլ, առանց կրօնքի, ցեղի, գոյնի եւ պատկանելիութեան խտրութեան:
-Յարգել զինուորական օրէնքներն ու մարդկային իրաւունքները թշնամիին հետ վերաբերմունքի եւ հրահանգներու գործադրութեան ընթացքին (մեռեալ, վիրաւոր կամ գերի)։
Նախարարութեան նախագիծին համաձայն խստիւ արգիլուած են.
-Չենթարկուիլ զինուորական օրինական հրահանգներուն:
-Քաղաքացիներու վրայ յարձակիլ կամ հանրային ու սեփական կալուածներու վնաս հասցնել:
-Քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ազգային միասնութիւնը խախտող յայտարարութիւններ կատարել:
_ Գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորել կալանաւորները կամ բանտարկեալները, որոնք պէտք է յանձնուին իրաւասու մարմիններուն՝ ամենայն յարգանքով և օրէնքով սահմանուած կարգով։
-Ռազմական գաղտնիքներ հրապարակել:
-Ռազմական գործողութիւններն ու վայրերը նկարել առանց պաշտօնական արտօնութեան:
-Տեղեկատուական յայտարարութիւններ կատարել առանց Պաշտպանութեան Նախարարութեան արտօնութեան:
-Զինուած ուժերու գտնուած հասարակութեան մէջ ոտնահարել բարոյական արժէքները եւ ընկերային աւանդութիւններուն հակասող վարք ունենալ։
Համաձայն նախարարութեան կանոնադրութեան, այս օրէնքները պարտին յարգել Սուրիոյ նոր բանակին ծառայող, զինուորական համազգեստ կրող բոլոր անհատները։ Օրէնքները խախտողը ենթակայ է դատական ընթացակարգերուն համապատասխան իրաւական պատասխանատուութեան և քրէական հետապնդման։