Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին, Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին անկախութեան 107-ամեակին առիթով:
Օրուան հանդիսութեան նախագահեց եւ Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Հայր սուրբը իր քարոզի ընթացքին բացատրեց երկրորդ ծաղկազարդի իմաստը, հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը ընդմիշտ պատրաստ ըլլայու դիմաւորելու մեր Փրկիչը, ապաշխարութեամբ եւ Ս. Հաղորդութեամբ։ Ապա Վեր առաւ Մայիսեան անկախութեան կարեւոր իրադարձութիւնը, դելադրելով ժողովուրդը յարատեւ կերպով գործեն, աղօթեն Հայաստանի անկախութեան համար, չմոռնալով նահատակներուն սուրբ արեան հեղումը տիրանալու ազատութեան։
Ս. Եւ Անմահ Պատարագին աւարտին ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտները Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը մօտեցուցին Ս. Խորանին: Հայր Սուրբը Հանրապետական մաղթանքը ընթերցելէ ետք, օրհնեց եռագոյն դրօշը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւառականի երեսփոխան անդամները, ազգայիններ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, թաղականներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած հետեւեցաւ հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ ազգային իշխանութեան, որոնք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտութեան միանալով ուղղուեցան դէպի առաջնորդարանի շրջափակ, նահատակներու յուշաքարին դիմաց զետեղելու ծաղկեպսակը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային երգերով ոգեւորեց ներկաները։