Նկատի ունենալով Մայիսեան անկախութեան խորհուրդն ու դերը մեր պետականութեան կերտման ու գոյատեւման մէջ, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնն ու դամասկահայ միութիւններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման օրուան նուիրուած հանդիսութիւն։
Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Ազատ Խաչատրեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը, դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի շեփորախոմբի հնչեցուցած Հայաստանի քայլերգով, ապա օրուան հանդիսավար Շանթ Կեցոյեան հակիրճ անդրադարձ կատարեց Մայիս 28 կերտող սերունդի զոհաբերութեան, ազգասիրութեան՝ յանուն Հայաատանի Հանրապետութեան կերտման, նորահաս սերունդներու համար անկախ հայրենիքի կառուցման։
Հանդիսավարը օրուան բանախօսին կենսագրական գիծերը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեանը։
Բանախօսը ըսաւ, որ
Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է:
«Ամէն տարի ոգեկոչելու ենք Մայիս 28-ի իրագործումը, որովհետեւ Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը վեց դար գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդարութեան:
Հայ ժողովուրդը 14-րդ դարու վերջաւորութենէն ետք, ամբողջ վեց դար շարունակ ապրեցաւ ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը: Ան մինակ էր եւ արիւնաքամ: Ոչ ոք կ՛օգնէր հայութեան: Հայ ժողովուրդը թիրախ դարձած էր հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն: Ան կորսնցուցած էր իր հայրենիքը եւ պետականութիւնը: Հազարաւոր զոհեր տուած էր, բայց չէր մեռած:
Ան հրաշքի նման, ճղակոտոր, անգամ մը եւս առասպելական ուժ գտաւ ինքն իր մէջ` կրկին ոտքի կանգնելու, մահէն կեանք յաղթական երթալով, յաղթանակ տանելու անզսպելի վճռակամութեամբ, ազգովին ընդառաջեց ազգնտիր Արամ Մանուկեանի վճռորոշ կոչին, թէ` մենք Երեւանը որեւէ գնով չենք յանձներ…
Արդարեւ, 28 Մայիս 1918-ի թուականի արշալոյսին արդէն քանի մը օրերէ ի վեր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ լինել-չլինելու հերոսական ճակատամարտեր մղող հայութիւնը Սասունցի Դաւիթներու առասպելական խոյանքներով կերտեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Աշխարհի պատմութեան մէջ հերոսամարտերը միշտ չէ, որ յաղթական աւարտի կը հասնին։
Սակայն Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Սարդարապատի հերոսամարտը հասաւ իր յաղթական աւարտին՝ ամրագրելով հայութեան յաւիտենական երթը, եւ՝ անկախ գոյութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ, վեց դարերու գերութեան խաւար շրջանէ մը ետք։ Մեզ նախորդող սերունդները ﬔր գոյութեան ամրակուռ ազգային սահմանագծումը կատարեցին, թէկուզ պատմական Հայաստանի մէկ բեկորին՝ Արեւելեան Հայաստանի՝
Արարատեան դաշտին մէջ կերտեցին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։
Ու թշնամիին կողմէ թանգարանային նմուշի վերածուելու դատապարտուած վերջին հայու գանկը դարձաւ խորհրդանիշը
հայ ազգի հրաշալի յարութեան, հայը դարձաւ դրօշի տէր ազգ` բանաստեղծին բառերով աւետելով աշխարհին.
«Արիւնից ծորած երիզ ﬕ կարﬕր, Երկնքից պոկուած կտոր ﬕ կապոյտ, Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ
ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ»:
Այս իմաստով, Մայիս 28-ը թուական մըն է, որ կը խտացնէ պատմական դէպքերու ամբողջ շարք մը, ﬔր անցեալը կը վերածէ ճառագայթող փարոսի, որ կը լուսաւորէ ﬔր ներկան, կը տարածուի դէպի ապագայ: Մէկ խօսքով, 1918 թուականի 28 Մայիսը ﬕայն ﬔր անցեալին չի պատկանիր, այլ նաեւ ﬔր ներկան է ու ապագան:
Մայիսեան խորհուրդը իր էութեան մէջ պիտի պահէ հիւլէ մը Քրիստափորի պատգամած «Յարատեւ կռիւէն», սուլթաններուն մահ սահմանող աննկուն
կամքէն,Պողպատեայ ջիղ մը` Արաﬕ վճռակամութենէն,
Նշխար մը` մարդացեալ Յիսուսէն՝ Զաւարեանի բարոյական մաքրութենէն,
առասպելական քաջութիւն` սարերու անպարտելի հերոս Գէորգ Չաւուշէն,
հողատարածքներ հայացնող վճռակամութիւն` Ռուբէն փաշայի ռազմագէտ հանճարէն, «Դէպի Երկիր» հրաւէր աւետող մարգարէաշունչ Ակնունիէն, Մայիս 28-ի խորհուրդով հարստացած ﬔր հայրենաբաղձ աչքերը պէտք է վերստին ուղղենք Արարատին,
հայադրոշմ Արցախին,
որպէսզի բոլորս պատրաստ ըլլանք օգտուելու աշխարհաքաղաքական յարմար առիթէն եւ ﬔր բոլոր կարողականութիւնները ի սպաս դնելու Արեւմտահայաստանի եւ Արցախի վերադարձով նաեւ կայացած Հայաստանի հզօրացումին նպաստելու։
Հայաստան այսօ՛ր եւս, ինչպէս մօտիկ ապագային, կը դիմագրաւէ այնպիսի վտանգներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ին: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան չեն հրաժարած Հայաստանն ու հայութիւնը քարտէզէն ջնջելու համաթուրանական ծրագիրէն, անոնց կողմէ խաղաղասիրական բանաւոր արտայայտութիւնները
ո՛չ մէկ ձեւով գործնական կիրարկում գտած են, ընդհակառակն, ամէն օր ու ամէն ժամ ﬔնք ու աշխարհը ականատես ենք թշնամական արարքներու` ըլլա՛յ Արցախի, ըլլա՛յ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ, նաեւ անկէ անդին`
քաղաքական-դիւանագիտական ռազմադաշտերու վրայ: Մեր դիւանագիտական ﬔքենան ու ﬔր Դատին ծառայողները դէմ յանդիման են գերմարդկային ուժ եւ
կամք պահանջող մարտահրաւէրներու, որոնք աւելի քան հրամայական կը դարձնեն հայութեան քաղաքական բոլոր ուժերու ձեռքերուն ﬕացումը, եւ ո՛չ թէ ներքին բանավէճերով եւ հակադրութեանց բազմապատկումով` ջլատումը: Մայիս 28-ը ﬔզի սորվեցուցած է, որ չտարուինք խաբէութիւններով, այլ ապագան ապահովենք ﬔր բազուկներով, գործակցինք ճակատագրակիցներու հետ»:
Ան նաեւ կարեւորեց ﬔր ﬕասնութիւնը ըսելով՝
Մայիս 28-էն դէպի ապագայ հնչող ամէնէն ազդու պատգամը կը ﬓայ այն, որ պէտք
է նուազեցնել տարակարծութիւնները, ﬖասաբեր մրցակցութիւնները, «ﬕայն ես կրնամ»-ի տրամաբանութիւնը, որովհետեւ Մայիս 28-ի Հայաստանին արարումը կատարուեցաւ հայութեան ﬕացեալ ճիգերով, համատարած զոհաբերութեամբ,
Ուրեﬓ` ապագան չի կրնար կերտուիլ հատուածական ﬕջակութիւններով եւ ազգային ժառանգութիւնները ներքին ու արտաքին սակարաններու մէջ մսխելու արշաւներով,
այլ ընդհակառակն, ազգայինն ու աւանդականը նախաﬔծար դասելու կամքով ու այդ կամքին գործնական արտայայտութիւններով»:
Աւարտին՝ ան իր խօսքը ուղղեց երիտասարդութեան՝կոչ ուղելով չյուսահատիլ, որովհետեւ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը որ 3 տարի անձ ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը, իրաւունք չունի յուսալքուելու եւ յանձնուելու։ Հետեւաբար պէտք է պայքարինք, գոյատեւենք եւ ապրինք ։
Նաեւ անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերակատարութեան հայ ժողովուրդի ապագայ աշխատանքներուն մէջ։
Բանախօսին յաջորդեց ազգային եւ յեղափոխական երգերու փառատօնը, որ ներկայացուցին Լիբանանէն ժամանած սիրուած երգիչ Ղազար Քէօշկէրեան, ընկերակցութեամբ հանրածանօթ երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի։ Անոնք իրենց բարձրորակ ելոյթով ﬔծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով։