Գորիսի մէջ բացուեցաւ Ֆրանսայի Պատուոյ Հիւպատոսութիւնը:

Բացման արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին ներկաները ողջունեց հայերէնով:

Ան դիտել տուաւ, որ Գորիսը Ֆրանսայի համար առանձնայատուկ քաղաք է: «Ֆրանսացիներուն համար Գորիսը Սիւնիքի խաչմերուկն է», ըսաւ Ֆրանսայի դեսպանը:

Ապա անդրադարձաւ պատուոյ հիւպատոսութեան բացման` յայտնելով, որ ասիկա աւելի քան սոսկական հիւպատոսութիւն է: «Այստեղ բաւարար թիւով ֆրանսացիներ չեն ապրիր, որ հիւպատոսական գրասենեակ բացուի», ըսաւ Տեքոթինյի:

Անոր համաձայն, Գորիսը միշտ եղած է խաչմերուկ եւ բաբախող սիրտ: